Բոպիկ Քարմելթեան միաբանութեան միանձնուհիներ Բոպիկ Քարմելթեան միաբանութեան միանձնուհիներ 

Սուրբ Պիտի հռչակուին Բոպիկ Քարմելիթեան միաբանութեան 16 միանձնուհիներ

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց սուրբերու դատի վերատեսչութեան վերատեսուչ կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոն ու Անոր արտօնութիւն տուաւ հրապարակելու նոր սուրբերու, երանելիներուն եւ Աստուծոյ ծառաներուն վերաբերող հրամանագիրերը։

Վազէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 18 դեկտեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց սուրբերու դատի վերատեսչութեան վերատեսուչ կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոն ու արտօնութիւն տուաւ հրապարակելու նոր սուրբերու, երանելիներուն եւ Աստուծոյ ծառաներուն վերաբերող հրամանագիրերը։

Մօտիկ ապագային սուրբ պիտի հռչակուին, Սուրբ Օգոստինոսի Թերազան ու Քարմելիթեան միաբանութեան անդամ անոր 15 ընկերները, որոնք սպաննուած են դաւանած հաւատքին համար, Ֆրանսայի մէջ յեղափոխութեան ժամանակ։

Ֆրանչիսկոս Պապ արտօնեց նաեւ հրապարակելու նահատակուած երկու նոր երանելիներուն վերաբերող հրամանագիրերը։

Արքեպիսկոպոս Էտուարտօ Փրոֆիթլիշ եւ հայր Էլիա Քոմինի։ Մօտիկ ապագային Աստուծոյ ծառայ պիտի հռչակուին, Գերպ Արոն Մարթոն, հայր Ճուզէփփէ Մարիա Լէոնէ եւ ֆրասացի աշխարհական Փիեթրօ Կուրսաթ։

Երանելի պիտի հչակուին։

Աստուծոյ ծառայ Էտուարտօ Փրոֆիթթլիչ ծնած է 11 սեպտեմբեր, 1980ին Գերմանիա, վախճանած է 22 փետրուար, 1952ին, Ռուսիոյ մէջ։ Ան անդամ էր Յիսուսեան միաբանութեան։ Եղած է արքեպիսկոպոսը Ատրիանափոլի թեմին։

Աստուծոյ ծառայ Էլիա Քոմինի, ծնած ի Իտալիա 7 մայիս 1910ին եւ սպսաննուած իր հաւատքին համար 18 հոկտեմբեր 1944ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/12/2024, 11:56