FILES-NICARAGUA-RELIGION-EPISCOPAL CONFERENCE-EXPELLED

Երբեք կասկած մի ունենաք Աստուծոյ նկատմամբ նոյնիսկ դժուար պահերու ընթացքին. Սրբազան Պապը Նիքարակուայի հաւատացեալներուն

Ֆրանչիսկոս Պապը հովուական նամակ մը յղած է կեդրոնական ամերիկայի Երկրի հաւատացեալներուն, որոնք այս օրերուն կ՛ապրին Անարատ Յղութեան տօնի իննօրեան. «Թող որ այս տօնախմբութիւնը որ կը պատրաստէ 2025ի Յոբելեանի բացման նուիրէ քաջալերանք որուն կարիքը ունին դժուարութեան, անորոշութեան ու յոգնութեան պահերուն» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապը` 2 դեկտեմբեր թուակիր հովուական նամակ մը յղած է Նիքարակուայի հաւատացեալներուն, երկիր ուր տարիներէ ի վեր կաթողիկէ Եկեղեցւոյ անդամներ ու պատասխանատուներ կ՛ենթարկուին ձերբակալումներու ու երկրէն դուրս վտարումի։

Սրբազան Պապը նամակին մէջ կը խրախուսէ Նիքարակուայի ժողովուրդը չմոռնալու Տիրոջ սիրալիր Նախախնամութիւնը, յատկապէս դժուար պահերու ընթացքին ու միշտ վստահութիւն ունենալու Աստուծոյ ողորմութեան վրայ։

Կեդրոնական Ամերիկայի այս Երկրին հաւատացեալները այս օրերուն կ՛ապրին Անարատ Յղութեան տօնի իննօրեան եւ ասոր ծիրէն ներս է որ Ֆրանչիսկոս Պապը անոնց կը յայտնէ իր մօտիկութեան ու սիրոյ զգացումները ընդգծելով հաւատքի եւ սիրոյ կարեւորութիւնը որպէս երկու «մեծ փարոսներ» հաւացեալներուն համար, որոնք կարող են հրաշքներ գործել։

«Դուք միշտ փորձարկած ու վայելած էք Սուրբ Կոյս Մարիամի մայրական հովանին ձեր բոլոր կարիքներուն մէջ ու ցոյց տուիք անոր նկատմամբ ձեր երախտապարտութիւնը շատ գեղեցիկ կրօնականութեան ու հարուստ հոգեւորականութեան մը միջոցաւ» գրած է Նորին Սրբութիւնը նամակին մէջ մաղթելով` որ Անարատ Յղութեան Սուրբ Կոյս Մարիամի տօնակատարութիւնը, որ կը պատրաստէ 2025 Յոբելեանի բացման, կարողանայ բոլոր հաւատացեալներուն նուիրէ «քաջալերանքը որուն կարիքը ունին դժուարութեան, անորոշութեան ու յոգնութեան պահերուն»։

Հրաւիրելով ապա բոլորը իրենք զիրենք դնելու Յիսուսի բազուկներուն մէջ, Սրբազան Քահանայապետը անոնց կ՛ապահովեցնէ իր աղօթքները ապա կը հրաւիրէ աղօթելու Սուրբ Վարդարանը, որ «մեզ կ՛օգնէ խորհրդածելու Յիսուսի ու Մարիամի կեանքի խորհուրդներու մասին ու նաեւ մեր կեանքի մասին», դիտել կու տայ Սրբազան Պապը մատնանշելով, որ «այդ խորհուրդները կը մխրճուին, մեր սրտի խորքին մէջ ուր պահպանուած է Աստուծոյ զաւակներ ու դուստրեր ըլլալու ազատութիւնը զոր ոչ մէկը կարող է խլել մեզմէ»։

Ան ապա նամակը կ՛աւարտէ խաղաղութեան աղօթքով մաղթելով` որ Յոբելեանի շնորհքը կարողանայ վերահրահրել յոյսը ու աշխարհ բերէ երջանկութիւն եւ խաղաղութիւն։

Յոբելենական շնորհքը թող կրկին մեզի Յոյսի Ուխտաւորներուս մէջ վառէ երկնային բարիքներու կարօտը, և մեր Փրկիչի ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը յորդի համայն աշխարհի վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/12/2024, 12:42