2024.12.13 Predica di Avvento

Փոքրութեան դուռը` «Գալստեան» երրորդ մտածականը Վատիկանի մէջ

«Այս Սուրբ Ծննդեան առիթով` որ մեզ կ՛առաջնորդէ Յոբելենական սուրբ տարածքին մէջ, փոքրութիւնը այն իսկական մարգարէութիւնն է, զոր մենք կարող ենք մարմնացնել, որպէսզի աշխարհին հետ կիսենք Աւետարանին յոյսը» ըսաւ ի միջի այլոց Հայր Փազոլինին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ` 20 դեկտեմբեր 2024ին Ֆրանչիսկոս Պապ իր օրակարգը սկսաւ Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ մասնակցելով «Գալստեան» շրջանի մտածականներու երրորդ ու վերջին նիստին։ Մտածական` զոր ներկայացուց Քահանայապետական Տան Քարոզիչը Քափուչին միաբանութեան անդամ` Հայր Ռոպերթօ Փազոլինի, որ այս տարուայ որպէս մտածականներու նիւթ ընտրած էր «Յոյսին դռները, դէպի Սուրբ Տարուան բացում Սուրբ Ծնունդի մարգարէութեան ընդմէջէն» նիւթը եւ անցեալ շաբաթներուն խօսելէ ետք «Զարմանքի» դռան մասին` որպէսզի գիտնանք հիանալ աշխարհի և պատմութեան մէջ առկայ Աւետարանի սերմերով, «Վստահութեան» դուռի մասին, որպէսզի քալենք դէպի միւսները բաց ու յարգալից սրտով, այսօր խօսքը կեդրոնացուց «փոքրութեան դուռի» վրայ` որպէսզի վախ չունենանք մենք մեզ վերագտնելու  ու հասկնալու մեր էութիւնը։  

Փոքրութեան դուռը

Փոքրութեան դուռը Սուրբ Ծննդեան ու Յոբելեանի կեդրոնական նիւթն է եւ Հայր Փազոլինի նախ խորհրդածեց այն իրողութեան մասին` թէ փոքրութիւնը, որ շատ անգամ ընկալուած է, որպէս դիւրաբեկութիւն եւ անարժէք, իրականութեան մէջ  թանկարժէք է Աստուծոյ աչքերուն համար եւ ասկէ մեկնելով յղում կատարեց Հին Կտակարանին, մատնանշելով թէ ինչպէս Աստուած յաճախ կ՛ընտրէ փոքրիկները իր ծրագիրները իրականացնելու համար։

Հայր Փազոլինի շեշտը դրաւ ապա դիւրաբեկութեան մէջ Աստուծոյ ներկայութիւնը ճանչնալու կարեւորութեան վրայ, հասնելով մինչեւ Բանին մարդեղութիւնը։ Այդպիսով փոքրութիւնը կը դառնայ բանալի` հասկնալու եւ ընկալելու համար Աստուծոյ Արքայութիւնը, որ կը պահանջէ խոնարհութիւն ու տրամադրութիւն։  

Իսկական մեծութիւնը ծառայութեան մէջ է

Արդարեւ իսկական մեծութիւնը կը կայանայ աւելիով փոքրիկ եղբայրներուն ծառայութեան մէջ։ Ուստի քրիստոնեաները իրենց կարգին պէտք է` որ փոքրիկ դառնան, ոչ միայն ծառայելու համար, այլ նաեւ սէր ու հոգատարութիւն ընդունելու միւսներէն։ 

Այս շարժականութեան միջոցաւ կ՛ ընդգծուի իսկութեան և անհատոյց ապրելու կարևորութիւնը՝ խուսափելով ճանաչումներու  անհրաժեշտութիւնէն: 

Եկեղեցւոյ պարտականութիւնն է օգնել որպէսզի իրականացուին ու հնարաւորութիւն ընծայուի սիրոյ ու արդարութեան արարքներ իրագործելու։

Աշխարհին հետ կիսենք Աւետարանին յոյսը

«Այս Սուրբ Ծննդեան առիթով` որ մեզ կ՛առաջնորդէ Յոբելենական սուրբ տարածքին մէջ, փոքրութիւնը այն իսկական մարգարէութիւնն է, զոր մենք կարող ենք մարմնացնել, որպէսզի աշխարհին հետ կիսենք Աւետարանին յոյսը» ըսաւ ի միջի այլոց Հայր Փազոլինին աւելցնելով` թէ «հաւատալի վկաներ ըլլալու համար, անհրաժեշտ չէ, որ սպասենք, որ տարբեր ըլլանք այն անձէն որ արդեն ենք...Յարուցեալ Քրիստոսին աշակերտները կարող են աշխարհին ներկայանալ առանց վախի եւ «փոքրիկ» ըլլալու ամչկոտութեան...յիշելով, որպէս հաւատացեալներ, թէ խոնարհ ու աղքատ Աստուծոյ ծառաներն են»։

Աղօթք

Ան ապա խորհրդածութիւնը եզրափակեց աղօթքով մը` որպէսզի հաւատացեալները լաւապէս ապրին իրենց հաւաքը, հեզ հպարտութեամբ, աշխարհին վկայելով Աստուծոյ ողորմութիւնը։

«Երկնքի մէջ Հայր...թող` որ քու շնորհքդ մեզ փոխակերպէ ու դարձնէ աւետարանի սերմերուն մշակներ...թող` որ Յոբելեանին շնորհքը մեզի Յոյսի ուխտաւորներուս մէջ վերակենդանացնէ դէպի երկնային բարիքներու ձգտումի իղձը ու համայն աշխարհին վրայ զեղու Փրկչին ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը։ Քեզի Օրհնեալ Աստուած փառք եւ պատիւ յաւիտեանս յաւիտենից ամէն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/12/2024, 10:35