2024.12.06 Predica di Avvento

Ֆրանչիսկոս Պապը մասնակցեցաւ «Գալստեան» շրջանի մտածականներու երկրորդ նիստին. Վստահութեան դուռը

Հայր Փազոլինի հաստատեց թէ «Վստահութիւնը հիմնարար վերաբերմունք է, որ կը հաստատէ և կ՛աջակցի մարդկային յարաբերութիւններուն, քաջութիւն կը սնուցէ առօրեայ մարտահրաւէրներուն և հայեացքը կը բանայ դէպի ապագայ»:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ` 13 դեկտեմբեր 2024-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Հռոմի Քուրիայի անդամներու ու Վատիկանեան Վերատեսչութիւններու եւ գրասենեակներու պատասխանատուներու ու աշխատակիցներու հետ միասին մասնակցեցաւ «Գալստեան» շրջանի մտածականներու երկրորդ նիստին զոր գլխաւորեց Քահանայապետական Տան Քարոզիչը Հայր Ռոպերթօ Փազոլինի, որ 2024ի Սուրբ Ծննդեան տօնի պատրաստութեան որպէս նիւթ ընտրած է «Յոյսին դռները», ի տես 2025ի Սուրբ Տարուան։

Մինչ անցեալ ուրբաթ օր Ան խօսեցաւ Զարմանքի դռան մասին այսօրուան խորհրդածութեան նիւթը եղաւ «վստահութեան դուռը»։

Հայր Փազոլինի հաստատեց թէ «Վստահութիւնը հիմնարար վերաբերմունք է, որ կը հաստատէ և կ՛աջակցի մարդկային յարաբերութիւններուն, քաջութիւն կը սնուցէ առօրեայ մարտահրաւէրներուն և հայեացքը կը բանայ դէպի ապագայ»:

Ասկէ մեկնելով ու յղում կատարելով հին կտակարանին Հայր Փազոլինի մեկնաբանեց «վստահութեան» իմաստը, որ «միայն լաւատեսութեան ձեւ մը չէ այլ քաջարի ընտրութիւն, որ կը գիտակցի թէ կարելի է բարիք գործել նաեւ դժուարութիւններուն մէջ»։

Հայր Փազոլինի առ այդ ներկայացուց երկու տիպարներ` Հազարապետը` որ Յիսուսին կը դիմէ բուժելու համար իր մահամերձ ծառան եւ Սուրբ Յովսէփը որ անվերապահօրէն կը վստահի Աստուծոյ։

Հազարապետը արտակարգ հաւատք մը կը դրսեւորէ մինչ Սուրբ Յովսէփը կը մարմնացնէ զօրեղ ու զգայուն առնականութիւն մը` որ կարող է իր վրայ առնելու Մարիամին բեռը` սիրով ու պատասխանատուութեամբ։

Երկու այս տիպարները մեզ կը հրաւիրեն յաղթահարելու անվստահութիւնը ու կեանքը դիտելու երախտագիտութեամբ ու բացուածքով։

Վստահութիւնը արդարեւ ուրախ ու իսկական կեանք մը ապրելու բանալին է, մեզի թոյլ տալով գնահատելու ուրիշները ու մարտահրաւէրները դիմագրաւելու անդորրութեամբ, այն գիտակցութեամբ թէ իրականութիւնը նոյնիսկ երբ դժուար է, կարող է ըլլալ շնորհքի եւ ուրախութեան դաշտ մը։

Հայր Փազոլինին խորհրդածութիւնը կ՜աւարտէ աղօթքով մը նուիրուած Սուրբ Յովսէփին, որուն մէջ ընդգծուած Աստուծոյ վրայ վստահելու կարեւորութիւնը եւ թոյլ տալու որ Ան մեզ առաջնորդէ մեր կեանքի ուղեւորութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/12/2024, 10:01