Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Միջերկրական ծովու ժողովրդական կրօնականութեան նուիրուած համագումարի մասնակիցներուն

Ժողովրդական բարեպաշտութիւնը, արտայայտելով հաւատքը ժողովրդի մշակոյթին մէջ արմատացած պարզ ժեստերով և խորհրդանշական լեզուներով, կը բացայայտէ պատմութեան մէջ Աստուծոյ ներկայութիւնը, կ՛ ամրապնդէ Եկեղեցւոյ հետ յարաբերութիւն և յաճախ առիթ կը դառնայ հանդիպման, մշակութային փոխանակման և տօնախմբութեան։
Ունկնդրէ Քահանայապետի ճամբորդութեան հայող լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 15 դեկտեմբեր 2024ի առաւօտեան Այաչչօ կատարած առաքելական միջազգային 47րդ ճամբորդութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապը Այաչոյի» Palais des Congrès et des Expositions պալատէն ներս իր մասնակցութիւնը բերաւ Միջերկրական ծովու ժողովրդական կրօնականութեան նուիրուած համագումարի եզրափակիչ նիստին։

Համաժողովներու և ցուցահանդէսներու կենտրոն ժամանելուն Սրբազան Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ Այաչչոյի եպիսկոպոսին կողմէ որուն հովանաւորութեամբ է որ տեղի կ՛ունենայ համագումարը, ինչպէս նաեւ քաղաքական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ։

Սրբազան Պապը հուսկ «Փասքալ Փաոլի» սրահին մէջ հանդիպեցաւ վերոնշեալ ժողովի մասնակիցներուն անոնց ուղղելով իր սրտին խօսքը որուն սկիզբը իր ուրախութիւնը յայտնեց ներկաներուն հետ հանդիպման համար ընդգծելով Միջերկրականի պատմական և մշակութային կարևորութիւնը՝ որպէս քաղաքակրթութիւններու և կրօնական փորձառութիւններու խաչմերուկ, յատկապէս հրէական-քրիստոնէական հաւատքի տեսանկիւնէն։

Աստուծոյ նկատմամբ անտարբերութեան աճ

Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց ապա թէ ինչպէս հակառակ որ քրիստոնէութիւնը պատմութեան ընթացքին ազդեցութիւն ունեցաւ ժողովուրդներու կեանքին վրայ, այսօր ականատես ենք Աստուծոյ նկատմամբ անտարբերութեան աճումին, յատկապէս Եւրոպայի մէջ։ Ասկէ մեկնելով Ան խրախուսեց շտապ դատողութիւններու մէջ չիյնալ, այլ նկատի առնել փոխադարձ բացութիւն մը հաւատացեալներու և ոչ հաւատացեալներու միջև, որոնք կը փնտռեն ճշմարտութիւն, արդարութիւն և հիմնական արժէքներ։

Այս տեսութենէն մեկնելով Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ժողովրդական բարեպաշտութեան գեղեցկութեան.

Ժողովրդական բարեպաշտութիւնը կը բացայայտէ պատմութեան մէջ Աստուծոյ ներկայութիւնը

«Ժողովրդական բարեպաշտութիւնը, արտայայտելով հաւատքը ժողովրդի մշակոյթին մէջ արմատացած պարզ ժեստերով և խորհրդանշական լեզուներով, կը բացայայտէ պատմութեան մէջ Աստուծոյ ներկայութիւնը, կ՛ ամրապնդէ Եկեղեցւոյ հետ յարաբերութիւն և յաճախ առիթ կը դառնայ հանդիպման, մշակութային փոխանակման և տօնախմբութեան։ Այս իմաստով, անոր գործելակերպը հիմք կը դառնան Տիրոջ հետ փոխյարաբերութիւններուն և հաւատքի բովանդակութեան» ըսաւ ի միջի այլոց Քահանայապետը դիտել տալով թէ ինչպէս Ժողովրդական բարեպաշտութիւնը կը սատարէ նաեւ հասարակութիւններու միութեան։

Ան առ այդ հրաւիրեց մտածելու Փիլիպոս առաքեալին` որ օր մը կը հանդիպի հեթանոսի մը որ ճամբուն վրայ կը կարդար Եսայի Մարգարէին գրութիւնները առանց ոչ մէկ բան հասկնալու։ Առաքեալը անոր կը մօտենայ ու կը հարցնէ. Բան կը հասկնա՞ս» ապա անոր կ՛աւետէ Աւետարանը եւ այդ մարդը որ հաւատքը ընդունեցաւ այդ պահուն Փիլիպպոս առաքեալին կը հարցնէ կարո՞ղ ես զիս մկրտել` հիմա այստեղ ուր ջուր կայ։ Եւ Փիլիպպոս չպատասխանեց ըսելով թէ այդ մէկը կարելի չէր որովհետեւ նախ պէտք էր դասընթացքի հետեւիլ, իր հետ ունենար կնքահայրն ու կնքամայրը...ոչ։ Ան պարզապէս մկրտեց զայն։ Որովհետեւ մկրտութիւնը Յիսուսին մեզի տուած հաւատքի պարգեւն է» ըսաւ Քահանայապետը։

Զգոյշ ըլլալ «ֆոլքլորիք» երեւոյթներէն

Ան ապա աւելցուց թէ պէտք է նաեւ միշտ զգօն ըլլանք որպէսզի «ժողովրդական բարեպաշտութիւնը, չ՛օգտագործուի կամ շահագործուի որոշ խումբերու կողմէ, որոնք մտադիր են ամրապնդել սեփական ինքնութիւնը վիճաբանութեան ճանապարհով, սնուցելով մասնիկականութիւն, հակադրութիւններ եւ բացառող վերաբերմունք»:

Կառուցողական քաղաքացիութիւն

«Այս ամէնը չեն համապատասխաներ ժողովրդական բարեպաշտութեան քրիստոնէական հոգիին և կը ներգրաւեն բոլորը, յատկապէս հովիւները, հսկելու, զատորոշելու և խթանելու տեւական ուշադրութիւն կրօնական կեանքի ժողովրդական ձևերու վրայ» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով որ երբ ժողովրդական կեդրոնականութիւնը կը հաղորդէ քրիստոնէական և մշակութային արժէքներ, ան կը խթանէ «կառուցողական քաղաքացիութիւն», որ կ՛ արտայայտուի զօրակցութեան գործերով։ Արդ կարեւոր է զարգացնել աշխարհականութեան գաղափար մը որ պէտք է խթանէ քաղաքացիական և եկեղեցական իշխանութիւններու միջեւ համագործակցութիւնը՝ պաշտպանելով երկու ոլորտների միջև անհրաժեշտ տարբերութիւնները։

Կրօնական ու աշխարհական աշխարհի միջեւ երկխօսութիւն

Սրբազան Պապը ակնարկեց հուսկ Քորսիքայի մէջ տարածուած ժողովրդական բարեպաշտութեան` որով «ի յայտ կու գան հաւատքին արժէքները ւ միեւնոյն ատեն ան կ՛արտայայտէ ժողովուրդներուն դիմագիծը, պատմութիւնը եւ մշակոյթը։ Այս հիւսուածքին մէջ ձեւ կը գտնէ կրօնական ու աշխարհական աշխարհի միջեւ երկխօսութիւնը, Եկեղեցւոյ ու քաղաքացիական եւ քաղաքական իշխանութիւններուն միջեւ երկխօսութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը քաջալերելով ներկաները շարունակելու իրենց երկխօսութեան ուղեւորութիւնը ընդմէջ կրօնի ու աշխարհիկութեան, խրախուսելով երիտասարդները ներգրաւուելու սոցիալական և քաղաքական կեանքի մէջ։

Հովիւները պէտք է միշտ մօտիկ ըլլան` մօտիկ Աստուծոյ, մօտիկ միւս հովիւներուն, մօտիկ ժողովուրդին...այսպիսի հովիւները իսկական հովիւ են։ Եւ այն հովիւը որ չ՜ապրիր այս մօտիկութիւնը պարզապէս «monsier l’abbé» կը դառնայ յարեց Քահանայապետը հրաւիրելով զանազանել հովուական ծառայութիւնը մատուցելու ձեւերը ապա ելոյթը աւարտեց այն ակնկալիքով, որ համաժողովը օգնէ վերագտնելու համար հաւատքի արմատները և խթանելու յանձնառութիւնը՝ ի սպաս հասարակաց բարիքին` Սուրբ Կոյս Մարիամի` Եկեղեցւոյ Մօր բարեխօսութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/12/2024, 11:24