2024.12.07 Presentazione delle Lettere Credenziali di Ambasciatori di vari paesi

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը մի քանի նոր դեսպաններու անոնց հաւատարմագրերու ներկայացումին առիթով

«Ձեր գործունէութիւնը որ յաճախ թաքուն ու լուռ է, պիտի օգնէ տարածելու պատերազմէն յոգնած մեր այս աշխարհի համար յոյսով ապագայի մը սերմերը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ` 7 դեկտեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապ առաքելական պալատէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց հնդկաստանի, Յորդանանի, Տանիմարքի, Լիւքսեմպուրկի, Սաօ Թoմէ եւ Փրինսիփէի, Ռուանտայի, Թուրքմէնիստանի, Ալճերիոյ, Պանկլատէշի, Զիմպապուէի, եւ Քենիայի Սուրբ Աթոռի մօտ նորանշանակ բայց առանց մնայուն բնակութեան դեսպաններուն, անոնց հաւատարմագիրերուն ներկայացումին առիթով։

Ողջունելով ներկաները Սրբազան Պապը բարի գալուստ մաղթելով անոնց խնդրեց, որ իր ողջոյնները փոխանցեն իրենց ներկայացուցած Պետութիւններու Ղեկավարներուն անոնց ապահովեցնելով իր աղօթքները։

Բարդ ժամանակները եւ դիւանագիտութեան համբերատար աշխատանքը

«Ինչպէս տեղեակ էք, ձեր այս նոր պատասխանատուութիւնը կը ստանձնէք միջազգային դիւանագիտութեան համար բարդ ժամանակի մը ընթացքին։ Մեր աշխարհը միշտ աւելիով կը տառապի հարցերու բերումով, որոնք կը հային համայն մարդկային ընտանիքին եւ որոնք կը պահանջեն գործնական գործողութիւններ բոլոր այն մարդոց կողմէ որոնք մտահոգ են մեր երկրագունդի ապագայով» ըսաւ Սրբազան Պապը իր խօսքին սկիզբը ակնարկելով որոշ հարցերուն ինչպէս կլիմայական փոփոխութիւնները, զինեալ հակամարտութիւնները, գաղթականներուն ապրած դժուար պայմանները...«հարցեր որոնք չունին դիւրին լուծումներ, եւ ոչ ալ կարող են լուծուիլ մէկ Պետութեան մը կամ Պետութիւններու փոքր խումբի մը յանձնառումով» նշեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով` որ «իւրաքանչիւր Երկիր պէտք է ձայն ունենայ այս հարցերէն ներս դիմագրաւելու համար զանոնք ու գտնելու համընդհանուր լուծումներ, ու «այս գործին մէջ շատ կարեւոր է դիւանագիտութեան համբերատար աշխատանքը» շեշտեց Սրբազան Պապը։

Սուրբ Աթոռին աջակցութիւնը ի ծառայութիւն հասարակաց բարիքին

Ան ապա կարեւորեց Միջազգային հասարակութեան դերակատարութիւնը որ կարող չէ «հրաժարիլ խաղաղութիւնը փնտռելու իր պարտականութիւնէն՝ խթանելով երկխօսութիւնը, հաշտեցումը, փոխ ըմբռնումը, իւրաքանչիւր մարդու և ժողովուրդի արժանապատուութեան և իրաւունքներու յարգանքը և միջազգային իրաւունքի պահանջները» ըսաւ Ան այս ուղղութեամբ հաւաստիացնելով Սուրբ Աթոռին աջակցութիւնը խթանելու երկխօսութիւն ի սպաս հասարակաց բարիքին, «առանց հետապնդելու քաղաքական, առեւտրական կամ ռազմական նպատակներ, եւ որ իր «դրական չէզոքութեան միջոցաւ» կը ջանայ սատարել հակամարտութիւններու եւ այլ հարցերու լուծման։

Ապագային նայիլ յոյսով

Քահանայապետը առ այդ հրաւիրեց ապագային նայիլ յոյսով, մատնանշելով յառաջիկայ 24 դեկտեմբերին սկիզբ առնող Յոյսին նուիրուած Սուրբ Տարուան, ու Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի Սուրբ Դռան բացման արարողութեան քաջալերելով Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական Հասարակութեան անդամները, շարունակելու գործել «քաջութեամբ եւ ստեղծագործութեամբ` խթանելու համար, բարեկամութեան կապեր, համագործակցութիւն, երկխօսութիւն ու խաղաղութեան ի սպաս ծառայութիւն»։

«Ձեր գործունէութիւնը որ յաճախ թաքուն ու լուռ է, պիտի օգնէ տարածելու պատերազմէն յոգնած մեր այս աշխարհի համար յոյսով ապագայի մը սերմերը» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը իր շնորհաւորութիւնները փոխանցելով նորանշանակ դեսպաններուն, անոնց ապահովեցնելով աղօթքներ ու Պետական Քարտուղարութեան եւ Սուրբ Աթոռի միւս վերատեսչութիւններուն համագործակցութեան երաշխիքը` իրենց պարտականութիւնները կատարելուն մէջ։

«Ձեզմէ իւրաքանչիւրին, ձեր սիրելիներուն ու ձեր համագործակիցներուն վրայ կը հայցեմ աստուածային առատ օրհնութիւններ» ըսաւ հուսկ Քահանայապետը եզրափակելով իր խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/12/2024, 09:07