VATICAN-RELIGION-POPE-ANGELUS

Թող զինադադար հաստատուի ամենուրէք, լռեն զէնքերը, հնչեն ծննդեան մեղեդիներ. Ոչ մէկ մանուկ սխալ է. Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Պապը յիշեց Մոզամպիքը, պատերազմի մէջ գտնուող երկիները, կոչ ուղղեց որ լռեն զէնքերը, ակնարկեց առաւօտեան Սանթա Մարթա բուժարանի մանուկներուն հետ իր ունեցած ուրախալի հանդիպումին եւ օրհնեց Յիսուս մանկիկի արձանները խրախուսելով տօնական օրերուն առանձին չի լքել պապիկ մամիկները
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մեծ ուշադրութեամբ եւ մտահոգութեամբ կը հետեւիմ Մոզամպիքէն հասած լուրերուն եւ կ՛ուզեմ այդ սիրեցեալ ժողովուրդին նորոգել իմ յոյսի, խաղաղութեան ու հաշտութեան պատգամս» այս խօսքերով է, որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկսաւ Կիրակի 22 դեկտեմբերի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատուրէն գլխաւորած Մարեմեան աղօթքի աւարտին արտասանած ողջոյնի խօսքը աղօթելով որ «երկխօսութիւնը եւ հասարակաց բարիքի որոնումը, աջակցութեամբ հաւատքին ու բարի կամքին, յաղթեն անվստահութեան ու անհամաձայնութեան»։

Թող լռեն զէնքերը ուի վերահնչեն ծննդեան մեղեդիներ

Քահանայապետը յիշեց ապա Ուքրանիան, որ «կը շարունակէ թիրախ ըլլալ հարուածներու` որոնք յաճախ վնաս կը հասցնեն դպրոցներուն, հիւանդանոցներուն ու եկեղեցիներուն» եւ ասկէ մեկնելով կոչ ուղղեց` որպէսզի «լռեն զէնքերը ու վերահնչեն ծննդեան երգերը»։

«Աղօթենք, ըսաւ Ան, որպէսզի Սուրբ Ծննդեան առիթով զինադադար հաստատուի բոլոր պատերազմի ճակատներուն վրայ` Սուրբ Երկրի, Ուքրանիոյ ու համայն Միջին Արեւելքի եւ աշխարհին մէջ։ Ես ցաւով կը մտաբերեմ Կազան, անքան դաժանութիւն, Գնդացիրներու զոհ երեխաներուն, դպրոցներու ու հիւանդանոցներու ռմբակոծումին... Ինչքա՜ն դաժանութիւն» յարեց Քահանայապետը ապա մօտիկութիւն արտայայտեց այն իտալացի քաղաքացիներուն` որոնք կ՛ապրին «ապականած տարածքներու» մէջ։

Մանուկներուն հետ հանդիպելու ուրախութիւնը
Մանուկներուն հետ հանդիպելու ուրախութիւնը

Մանուկներուն հետ հանդիպելու ուրախութիւնը

«Այս առաւօտ ուրախութիւնն ունեցայ հանդիպելու մանուկներուն ու անոնց մայրիկներուն հետ, մանուկներ որոնք կը յաճախեն Վատիկանի Սանթա Մարթայի բուժարանը, որ մատակարարուած է Վինչընցիան քոյրերու կողմէ» շարունակեց Քահանայապետը խոստովանելով թէ այդ հանդիպումը իր սիրտը լեցուց ուրախութեամբ ապա հաստատեց թէ «Ոչ մէկ մանուկ սխալ մըն է» յղում կատարելով առաւօտեան հեռուստակայանի մէկ յայտագիրին մէջ իր կարդացած մէկ նախադասութեան։

Յիսուս մանուկի արձանիկներու օրհնութեան աւանդութիւնը

«Իսկ այժմ կ՛օրհնեմ «արձանիկները», Մանուկ Յիսուսին արձանները զոր դուք սիրելի պատանիներ ձեր հետ բերիք ու ապա ձեր տուն վերադարձին պիտի զետեղէք մսուրներուն մէջ։ Շնորհակալ եմ ձեզի այս պարզ բայց կարեւոր ժեստին համար։ Ձեզ բոլորդ կ՛օրհնեմ ի սրտէ, ձեր ծնողները, ծեր պապիկ մամիկները, ձեր ընտանիքները։ Բարեհաճեցէք չմոռնալ ձեր մեծ պապիկ մամիկները, թող անոնցմէ ոչ մին մնայ առանձին եկող օրերուն» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը բարի կիրակի մաղթելով բոլորին եւ ինչպէս միշտ աղօթք խնդրելով իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/12/2024, 12:34