2024.12.16 Membri della Comunita' Filippina in Spagna

Կառուցենք տաքուկ ու հիւրընկալ օճախներ. Ֆրանչիսկոս Պապ

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Սպանիայի Ֆիլիփփին համայնքի մէկ պատուիրակութիւնը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի` 16 դեկտեմբերին Սպանիայի Ֆիլիփփին համայնքի մէկ պատուիրակութիւնը Առաքելական պալատէն ներս ընկալուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ, Պարսելոնայի Անարատ Յղութեան եւ Սուրբ Լորէնցօ Ռոյցի անուան ժողովրդապետութեան 25 ամեակին առիթով։

«Թահանան» տաքուկ օճախը

Անոնց ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Պապը անդրադարձաւ Մատրիտի մէջ անոնց առաքելութեան, զոր ուզեցին անուանել «Թահանան»` որ «կարող ենք թարգմանել, որպէս բնակարան» ըսաւ Քահանայապետը նման Եկեղեցւոյ որ տաքուկ ու հիւրընկալ բնակարան մըն է ուր ալ որ գտնուինք» դիտել տուաւ ապ Ան ու ակնարկեց գաղթականներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, անոնց ապրած դժուարութիւնները նմանեցնելով փուշերու, որոնք կը խոչընդոտեն անոնց ուղեւորութիւնը ու միեւնոյն ժամանակ խրախուսելով զանոնք երբեք չկորսնցնելու յոյսը Սուրբ Կոյս Մարիամին մէջ գտնուելով ապաւէն։

Սուրբ Լորէնցօ Ռոյցին օրինակը

Սրբազան Պապը խօսեցաւ ապա Սուրբ Լորէնցօ Ռոյցի ու Կարդինալ Թակլէի մասին։ Սուրբ Ռոյցի ընտանիքը, նման Կարդինալ Թակլէի ընտանիքին, ունէր չինական ու ֆիլիփինեան ծագում սպանական ծագման հետ միասին որ անոր պարգեւեց հաւաքը։ Ան ստիպուած եղաւ լքել իր երկիրը անարդարութիւններու պատճառաւ, նման շատ մը անձերու, որոնք այսօր եւս կը ստիպուին գաղթել փրկելու համար իրենց կեանքը ու որոնելու աւելի լաւ ապագայ մը։ Եւ երբ ան ի վերջոյ կը հասնի այն երկիրը« որ զինք պիտի ընկալեր Աստուած անորմէ կը պահանջէ վկայել իր հաւատքը` սիրոյ ամենամեծ վկայութեամբ` կենաքին զոհաբերումը՛» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով նմանիլ սուրբին ու հետեւիլ անոր հետքերուն։

Ան առ այդ քաջալերեց կառուցելու սեփական «Թահանան», այդ տաքուկ եւ հիւրընկալ օճախը, «որուն նման պէտք է ըլլայ Եկեղեցին, որպէս Մայր» ըսաւ Ան ու Մանուկ Աստուծոյ օրհնութիւնները հայցեց անոնց վրայ Սուրբ Կոյս Մարիամի պաշտպանութեամբ։

 Ֆիլիփինեան յիշատակներ

Սրբազան Պապը ապա յիշեց Ֆիլիփինեան կղզեխումբ կատարած ճամբորդութենէն երկու դրուագ` առաջինը Մանիլայի մէջ պատարագը որուն մասնակցեցան եօթը միլիոն հաւատացեալ ապա Թաքլոպանի մէջ պատարագը, ուր տեղատարափ անձրեւ կը տեղար ու զօրեղ քամի կը բչէր եւ «ստիպուած էին վազել, ապա թէ ոչ պիտի չկարողանայինք դուրս գալ այդ փոթորիկէն» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով որ Ֆիլիփինցիները հաւատքի այրեր ու կիներ են, անոնցմէ ոմանք կ՛աշխատին նաեւ Վատիկանի մէջ, մեծ է հաւատքը զոր ունիք ու մեծ է ձեր տուած վկայութիւնը» յարեց Սրբազան Քահանայապետը քաջալերելով զանոնք որ շարունակեն իրենց վկայութիւնը տալ չափազանց հարուստ դարձած ընկերութեան մէջ, ,«չափազանց իրաւասու եւ չափազանց բաւարար» ըսաւ Ան ու անոնց տուաւ իր օրհնութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/12/2024, 10:26