2024.12.21 Auguri della Curia Romana

«Օրհնեցէք եւ մի անիծէք», լաւ խօսինք ու չչարախօսենք. Քահանայապետին Պատգամը Հռոմի Քուրիայի անդամներուն

Ինչպէս ամէն տարի այս տարի եւս Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Ծննդեան տօնի նախօրէին հանդիպում ունեցաւ Հռոմի Քուրիայի անդամներուն հետ, Սուրբ Ծննդեան ու Ամանորի տօներու շնորհաւորութիւններու փոխանակումին համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ` 21 դեկտեմբեր 2024ին Առաքելական պալատի «Օրհնութիւններու» սրահին մէջ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Հռոմի Քուրիայի անդամները, անոնց ուղղելով պատգամ մը որուն բնաբանն էր «օրհնեցէք եւ մի անիծէք»։

Հանդիպումը սկիզբ առաւ Կարդինալական դասի աւագերէց Կարդինալ Ճովաննի Պաթթիսթա Ռէին, յանուն բոլոր ներկաներուն, Քահանայապետին ուղղած ողջոյնի խօսքով, որմէ ետքը Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունեց ներկաները շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն ուղղուած բարի խօսքերուն ապա նախ քան օրուան պատգամը արտասանելը ուզեց յիշել Սուրբ Երկիրը ու յատկապէս այն եղելութիւնը, որ Լատինաց Պատրիարք Կարդինալ Փիցցապալլան չէ կարողացած Կազա մտնել, որովհետեւ իրեն արտօնութիւն չէ տրուած, եւ ուր, աւելցուց Քահանայապետը, «ռմբակոծումները շարունակուեցան մանուկներուն դէմ»։ «Այս մէկը պատերազմ չէ դաժանութիւն է» հաստատեց Սրբազան Պապը սրտի ցաւով։

Ան ապա յայտնեց թէ այս տարի կ՛ուզէ խորհրդածել ուրիշներու մասին լաւ ու ոչ թէ վատ խօսելու կարեւորութեան վրայ, «վերաբերմունք` որ կը հայի մեզի բոլորին, եպիսկոպոսներ, քահանաներ, կրօնաւորներ եւ աշխարականներ» ըսաւ Ան նշելով, որ այս վերաբերմունքը «խոնարհութեան արտայայտութիւն է» ու «խոնարհութիւնը մարդեղութեան հիմնական յատկանիշն է, յատկապէս Տիրոջ Ծննդեան խորհուրդին յատկանիշը, զոր կը պատրաստուինք տօնախմբելու»։

Քահանայապետին Հանդիպումը Հռոմի Քուրիայի անդամներուն հետ
Քահանայապետին Հանդիպումը Հռոմի Քուրիայի անդամներուն հետ

Ինքնամեղադրանքը որպէս հեզութեան ճանապարհ

«Եկեղեցական հասարակութիւն մը ուրախ և եղբայրական ներդաշնակութեամբ կ՛ապրի այնքանով, որքան անոր անդամները կը քալեն խոնարհութեան ճանապարհով՝ հրաժարելով վատ մտածելէ և ուրիշներու մասին վատ խօսելէ» ըսաւ ապա Քահանայապետը յղում կատարելով Սուրբ Պօղոսի խօսքերուն «Օրհնեցէք եւ մի անիծէք» (Հռոմ. 12,14), որ ըսաւ Քահանայապետը կարող ենք մեկնաբանել, «լաւ խօսեցէք ու վատ մի խօսիք» միւսներու մասին եւ ասկէ մեկնելով հրաւիրեց հետեւելու Կազայի Սուրբ Տորոթէոսի ուսուցումներուն որ կ՛առաջարկէ վարժութիւն դարձնելու մենք մեզ մեղադրելը` որպէս հեզութեան ճանապարհ։

Իսկական մեծութիւնը կը կայանայ ծառայութեան ու հեզութեան մէջ

«Հեզութիւնը արդարեւ մեզ կը մղէ ճանչնալու մեր սխալները, խուսափելով ուրիշները դատելու փորձութենէն։ Ան` որ այս առաքինութիւնը կը կիրառէ կը դառնայ ազատ կասկածներէ և անվստահութենէ՝ տարածք ստեղծելով Աստուծոյ գործողութիւններուն համար» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը հաստատելով, որ մեր տիպարը նոյնինքն Աստուած է` որ խոնարհեցաւ, նուաստացաւ մարդեղանալու համար, ցոյց տալով որ իսկական մեծութիւնը կը կայանայ ծառայութեան ու հեզութեան մէջ։

Քահանայապետին Հանդիպումը Հռոմի Քուրիայի անդամներուն հետ
Քահանայապետին Հանդիպումը Հռոմի Քուրիայի անդամներուն հետ

Օրհնել բոլորը

Մարդեղութիւնը մեզի կը սորվեցնէ որ Աստուած մեզ օրհնեց ոչ թէ անիծեց։ Սիենայի Սրբուհի Քաթերինան ու Սուրբ Պօղոսը մեզի կը յիշեցնեն որ Աստուծոյ մէջ կայ միայն օրհնութիւն, նշեց ի միջի այլոց Սրբազան Պապը, դիտել տալով որ մենք կոչուած ենք դառնալու օրհնութեան արհեստաւորներ, ոչ միայն օրհնութիւն բաշխողներ։ «Մենք օրհնուած ենք եւ որպէս այդ կարող ենք օրհնել» ըսաւ Ան հրաւիրելով նաեւ հպատակիլ Սուրբ Հոգիին եւ օրհնել բոլորը, նոյնիսկ անոնք` որոնք մեզի չարիք ըրին։

Չենք կարող գրել օրհնութիւններ ապա վատ խօսիլ միւսներու մասին

«Եկեղեցին արդարեւ` որպէս մեծ գէտ մը պէտք է աշխարհին մէջ տարածէ Աստուծոյ օրհնութիւնը եւ Հռոմի Քուրիայի իւրաքանչիւր անդամ, նոյնիսկ թաքուն ու հեզ աշխատանքին մէջ, կը սատարէ այդ նպատակին» շարունակեց Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տալով` որ «չենք կարող գրել օրհնութիւններ ապա վատ խօսիլ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն մասին»։

Ան ապա խօսքը աւարտեց Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով մաղթելով` որ բոլորը դառնան օրհնութեան մարդիկ ու կիներ, հետեւելով Սուրբ Կոյս Մարիամի օրինակին, որ աշխարհ բերաւ Օրհնութիւնը` որ է Յիսուս։

«Թող որ Տէրը, որ ծնաւ հեզութեան մէջ մեզի համար, մեզի օգնէ միշտ աւելիով ըլլալու օրհնութեան մարդիկ ու կիներ։ Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ բոլորիդ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով իր ճառը։

Քահանայապետին Հանդիպումը Հռոմի Քուրիայի անդամներուն հետ
Քահանայապետին Հանդիպումը Հռոմի Քուրիայի անդամներուն հետ

Յայտնենք որ Սուրբ Ծննդեան շնորհաւորութիւններուն առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը Հռոմի Քուրիայի անդամներուն նուիրեց Վատիկանի Հրատարակչատան կողմէ հրատարակուած երկու գիրք. Ատրիէն Քանտիարտի «Հանդիպումին շնորհքը» տիտղոսը կրող գիրքը ապա Սիվէն Տէթոքին «Անպէտներուն փառքը` Հոգևոր ուղեցոյց՝ ընկալելու համար անկատարութիւնը» գիրքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/12/2024, 10:45