2024.12.12 Delegazione della Missione Evangelica Battista Rom in Italia

Սրբազան Պապը ընդունեց Իտալիոյ Ռոմ Պապթիսթ առաքելութեան պատուիրակութիւնը

Քրիստոնեաներու միջեւ եղբայրական համագործակցութիւնը, նշան է վկայութեան ու առաջին գործիք է աւետարանութեան

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի` 12 Դեկտեմբեր 2024-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը ի շարս այլ հանդիպումներու եւ ունկնդրութիւններու առաքելական պալատէն ներս հիւրընկալեց Իտալիոյ Ռոմ Պապթիսթ առաքելութեան պատուիրակութեան անդամները եւ անոնց յանձնած գրաւոր ողջոյնի խօսքին մէջ նշեց` թէ զիրենք կը հիւրընկալէ որպէս «Քրիստոսի մէջ նոյն Հօր զաւակները, որուն վէրքերու միջոցաւ դարմանուեցանք» ապա ուզեց իր եղբայրական ողջոյնները փոխանցել Ռոմ ժողովուրդի անդամներուն մաղթելով` որ այդ ողջոյնի ընկալումին ընդմէջէն «նորոգուի միասնական վստահութիւնը` թէ ոչ մէկը եւ ոչ մէկ բան կարող է մեզ բաժնել Աստուծոյ սէրէն» ու թէ այդ վստահութիւնը «մեզ դարձնէ հաւատալի վկաներ, աղօթքի, ծառայութեան, ու բարեսիրութեան միջոցաւ»։

«Սուրբ Հոգին թող մեզ ոգեւորէ ու մեր մէջ ամրապնդէ քաջութիւնն ու ուրախութիւնը միաձայն հռչակելու յոյսին Աւետարանը, յատկապէս Ռոմ հասարակութեան» նշեց հուսկ Սրբազան Պապը դիտել տալով` որ քրիստոնեաներու միջեւ եղբայրական համագործակցութիւնը, նշան է վկայութեան ու առաջին գործիք է աւետարանութեան»։

«Մինչ կը պատրաստուինք սուրբ Ծննդեան թող` որ մեր երկրային միասնական ուխտագնացութիւնը յատկանշուած ըլլայ սաղմոսերգուի խօսքերով. «Վստահիր Տիրոջ, թող սիրտդ պինդ եւ զօրաւոր ըլլայ. Եւ յոյս ունեցիր Տիրոջ վրայ» (Սաղմ. 27,14)» եղաւ Քահանայապետին վերջին հրաւէրը  շնորհակալութիւն յայտնելով այցելութաեն համար։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2024, 10:16