Pope Francis holds an audience with donors of the St. Peter's Square Christmas tree and Nativity scene, at the Vatican

Սուրբ Ծննդեան տօնածառի ու մսուրի նուիրատուները Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ

Արցունքը աչքերուն մեր խաղաղութեան աղօթքը կը բարձրացնենք։ Բաւ են պատերազմեցնելը. Բաւ է բռնութիւնը։ Թող խաղաղութիւն հաստատուի համայն աշխարհին մէջ, ու բոլոր մարդոց զոր Աստուած կը սիրէ» (հմմտ Ղուկ. 2,14)» եղաւ Սրբազան Պապին սրտաբուխ կոչը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 7 դեկտեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս ընդունեց ս. Պետրոս հրապարակի Սուրբ Ծննդեան տօնածառի ու հսկայական մսուրի նուիրատու քաղաքներէն ժամանած պատուիրակութիւններու անդամները եւ այս առիթով անոնց ուղղած իր ճառին սկիզբը իր ուրախութիւնը յայտնեց անոնց հետ հանդիպելուն համար ճիշտ նոյն օրը երբ բացումը պիտի կատարուի Սուրբ Ծնունդը յատկանշող մսուրին ու տօնածառին ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Կրատօ քաղաքի պատուիրակութեան անդամներուն որտեղէն եկած է Մսուրը եւ Լետրոյի հասարակութեան, որուն անտառներէն բերուած է 29 մեթր բարձրութեամբ մեծ եղեւինին, ինչպէս նաեւ «Պաղեստինի Սուրբ Աթոռի մօտ դեսպանութեան ներկայացուցչութիւնը», որ եկած է ներկայացնելու Բեթղեհէմ քաղաքը, Բեթղեհէմ քաղաքի արուեստագէտներու ձեռամբ իրագործուած եւ Պօղոս Զ սրահին մէջ զետեղուած մսուրի տեսարաններուն բացման առիթով։

Յայտնենք որ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ զետեղուած մսուրին ու տօնածառին բացումը նախատեսուած է այսօր երեկոյեան ժամը 18.30։

Տօնածառը

Քահանայապետը ողջունեց ապա քաղաքական ու եկեղեցական իշխանութիւնները` ու ակնարկելով ծառին նշեց թէ ան «կտրուած է անտառի բնական փոխարինման էքոլոկիական սկզբունքներուն համապատասխան, կը կրէ երկար տարիներու նշաններ, զանգուածային կոճղի բազմաթիւ շերտաւորումներ, հիները, որոնք կեանք տուին երիտասարդներուն, մինչ երիտասարդները կը պարուրեն եւ կը պաշտպանեն հիները, եւ բոլորը միասին կը բարձրանան դէպի վեր»։

«Այս մէկը կարող է ըլլալ Եկեղեցւոյ գեղեցիկ պատկերը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, «ժողովուրդ ու մարմին, որմէ Քրիստոսին լոյսը կը տարածուի աշխարհին մէջ, շնորհիւ սերունդներուն յաջորդականութեան, որոնք համախմբուած են մէկ ծագման շուրջ, որ է Յիսուս. հիները կեանք տուին երիտասարդներուն, երիտասարդները գրկեցին և պաշտպանեցին հիները, որոնք կը գտնուին աշխարհի մէջ առաքելութեամբ և դէպի դրախտ տանող ճանապարհ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Մսուրը

Ան ապա ակնարկեց Մեծ եղևնիի ստուերին գտնուող մսուրին, որ կը նկարագրէ ձկնորսներուն տունը, որ կառուցուած էին ցեխով և եղեգով, և ուր փոքրիկ ծովածոցային կղզիներու բնակիչները, ձկնորսութեան քրտնաջան աշխատանքի ընթացքին, կը կիսէին կենցաղի ուրախութիւններն ու տխրութիւնները:

«Այս խորհրդանիշը եւս մեզի կը խօսի Ծնունդի մասին ուր Աստուած մարդ կը դառնայ, որպէսզի մինչեւ վերջ մաս կազմէ մեր աղքատութեան, աշխարհի վրայ կառուցելու համար իր Թագաւորութիւնը, ոչ թէ հզօր միջոցներով, այլ մեր մարդկայնութեան տկար կենսամիջոցներով, որոնք բիւրեղացան ու զօրացան իր շնորհքին շնորհիւ» յարեց Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով նաեւ այնտեղ զետեղուած «batela»ին, փոքր նաւակները` որոնք թոյլ կու տան տեղափոխուիլ մէկ ափէն միւսը, ու հաստատելով` որ «մենք ալ պէտք ունինք նաւակին հասնելու համար Յիսուսին»` այս նաւակը համեմատելով Եկեղեցւոյ։

Յիսուսին տանող նաւակը

«Յիսուսին կարելի չէ հասնիլ առանձին այլ միասին, հասարակութեամբ, այդ փոքր մեծ նաւակով, զոր Պետրոս կը շարունակէ առաջնորդել եւ որուն վրայ, տեղ կայ բոլորին» ըսաւ Սրբազան Պապը ու հրաւիրեց նայիլ նաեւ Բեթղեհէմի մսուրի տեսարաններուն, որոնք կառուցուած է այն Երկրին մէջ ուր ծնաւ Աստուածորդին։

Խաղաղութեան ու սիրոյ պատգամը

Անոնք իրարմէ տարբեր են սակայն բոլորն ալ կը փոխանցեն միեւնոյն խաղաղութեան ու սիրոյ պատգամը զոր մեզի թողուց Յիսուս։ Անոնց առջեւ, յիշենք մեր եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք ճիշտ այնտեղ ու աշխարհի այլ վայրերու մէջ կը տառապին պատերազմի ողբերգութեան բերումով։ Արցունքը աչքերուն մեր խաղաղութեան աղօթքը կը բարձրացնենք։ Բաւ են պատերազմները. Բաւ է բռնութիւնը։ Դուք գիտէ՞ք` որ աւելիով շահաբեր ներդրումներէն մին զէնքերու գործարանն է։ Շահ դիզել սպաննելով։ Բաւ են պատերազմները։ Թող խաղաղութիւն հաստատուի համայն աշխարհին մէջ, ու բոլոր մարդոց զոր Աստուած կը սիրէ» (հմմտ Ղուկ. 2,14)» եղաւ Սրբազան Պապին սրտաբուխ կոչը։

Ան ապա խօսքը աւարտեց անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր ներկաներուն ու նաեւ Վատիկանի Կառավարութեան Ենթակառուցուածքներու ու Ծառայութիւններու Տնօրէնութեան, «որուն շնորհիւ իրականացաւ ամէն ինչ», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու բոլորին շնորհեց իր օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/12/2024, 11:14