Ռուանտայի մէջ Սուրբ Հաղորդութեան Բ գիտաժողովը Ռուանտայի մէջ Սուրբ Հաղորդութեան Բ գիտաժողովը 

Ֆրանչիսկոս Պապ. Մենք պատասխանատու ենք ֆիզիկական սովի և մարդկային արժանապատուութեան համար

Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող պատգամով մը` ուղղուած Ռուանտայի մէջ Սուրբ Հաղորդութեան երկրորդ Գիտաժողովի մասնակիցներուն, Ֆրանչիսկոս Պապը կը հրաւիրէ ըլլալու «յոյսի շօշափելի նշաններ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Հաղորդութիւնը գործիք է «եղբայրութեան մէջ միսիոնարներ» դառնալու համար ու նաեւ «յոյսի շօշափելի նշաններ»։ Ան նաեւ կոչ է «մեր պատասխանատուութիւնը ստանձնելու» ի տես մարդկութեան բազմաթիւ անօթութիւններուն` ֆիզիկական ու յաճախ նաեւ «ազատութեան ու արժանապատուութեան», «սիրոյ ու խաղաղութեան», «իմաստի» անօթութեան դիմաց։

Այս մտքերը արտայայտուած են Ֆրանչիսկոս Պապին Ռուանտայի մէջ 4էն 8 դեկտեմբեր 2024ին կայացած Սուրբ Հաղորդութեան երկրորդ Գիտաժողովի մասնակիցներուն ուղղած պատգամի մը մէջ, որ կը կրէ Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին ստորագրութիւնը եւ ուղղուած է Ռուհէնկերի եպիսկոպոս ու Ռուանտայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի սուրբ հաղորդութեան Գիտաժողովներուն պատասխանատու Գերապ. Վինսան Հարոլիմային։

Կառուցել սիրոյ քաղաքակրթութիւնը

Գիտաժողովին բնաբանն է «Մեր հայեացքը կեդրոնացնենք Յիսուսին վրայ Սուրբ Հաղորդութեան Խորհուրդին մէջ. Աղբիւր յոյսի, եղբայրութեան ու խաղաղութեան», որ ներշնչում է խորհրդածելու համար Հաղորդութեան մասին` որ «քրիստոնէական կեանքին կիզակէտն է» ու նաեւ շօշափելի նշան` «մարդկութեան նկատմամբ Քրիստոսին սիրոյն»։ Այս Հաղորդութիւնը ապրիլը մեզ կը քաջալերէ մենք մեզ պարգեւ դարձնելու միւսներուն, աշխատելով միասին` «կառուցելու համար սիրոյ քաղաքակրթութիւնը» կը գրէ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը։

Ըլլանք յոյսի շօշափելի նշաններ

Ի տես ապա Յոբելենական Սուրբ Տարուան եւ Ռուանտայի աւետարանութեան 125-ամեակին, Ֆրանչիսկոս Պապը կը հրաւէրէ հաւատացեալները վերսկսելու «Քրիստոսէն` կեանքի հաց», խրախուսելով զանոնք զօրակից ըլլալու բոլոր անոնց հետ, որոնք կը գտնուին դիւրաբեկ իրավիճակներու մէջ։

«Մենք պէտք է ըլլանք յոյսի շօշափելի նշաններ» կը շեշտէ Սրբազան Պապը յղում կատարելով Սուրբ Տարին հռչակող «Spes non confundit» կոնդակին։ 

Տապալել պատնէշները

Ի վերջոյ Ան կը հաստատէ` որ Սուրբ Հաղորդութիւնը կը կոչէ միասնական պատասխանատուութեան մը ստանձնումին մարդկութեան ֆիզիկական ու հոգեկան կարիքներուն նկատմամբ, խրախուսելով «Մի ու երրեակ Աստուածի» մէջ յոյսը, եւ Սուրբ Երրորդութեան յարաբերութենէն մեկնելով Քահանայապետը կը հրաւիրէ հաւատացեալները ապրելու հասարակութեան եւ ոչ թէ կղզիացած կեանք մը։ Միացած տապալելու համար «ցեղային, լեզուային ու մշակութային աւանդութիւններու» պատնէշները» կը գրէ Ան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/12/2024, 08:00