Քահանայապետին ցաւակցագիրը Գերմանիոյ մէջ ահաբեկչութեան արարքին ի տես
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
«Վրդովմունք» այս զգացոմով է` որ Ֆրանչիսկոս Պապը ընկալեց Գերմանիոյ Մատկեպուրկ քաղաքի մէջ տեղի ունեցած «ահաբեկչութեան» լուրը, որ տեղի ունեցաւ անցեալ ուրբաթ օր, երբ ինքնաշարժ մը արագութեամբ ներխուժեց տօնավաճառի տարածքին մէջ գտնուող ացելուներուն վրայ պատճառելով հինգ զոհ եւ աւելի քան 200 վիրաւորներ։
Այս դէպքին ի լուր Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը Քահանայապետի անունով հեռագիր մը յղեց Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Սթէյնմարին, որուն մէջ անոր արտայայտեց Քահանայապետին «մասնակցութիւնը հարուածի թիրախ մարդոց ցաւին», «բոլոր զոհերուն վստահեցնելով հոգեւոր մօտիկութիւն»
Հեռագիրին մէջ Կարդինալ Փարոլինը կը յիշէ նաեւ բոլոր անոնք` որոնք կ՛աշխատին թիկունք կանգնելու համար զոհերուն այս դժուար պահի ընթացքին ու անոնց կ՛արտայայտէ Քահանայապետին շնորհակալութիւնը։
«Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛աղօթէ բոլոր զոհերուն համար եւ մարդիկը կը յանձնէ Քրիստոսին, մեր յոյսին, որուն լոյսը կը ցոլայ խաւարին մէջ» կը կարդանք Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող Քահանայապետի անունով Գերմանիոյ Նախագահին ուղղուած ցաւակցագիրին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ