Սանթիակոյի ուխտաւորները Սանթիակոյի ուխտաւորները  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպեցաւ Camino de Santiago-ի իտալացի ուխտաւորներուն հետ

Քրիստոնէական իսկական ուխտագնացութիւնը կը պահանջէ երեք նշաններ` լռութիւնը ունկնդրելու համար Աստուծոյ ձայնը, Աւետարանը` հետեւելու համար Յիսուսին եւ ուշադրութիւնը աւելով դիւրաբեկներու նկատմամբ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի` 19 դեկտեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը ի շարս այլ հանդիպումներու Վատիկանեան Պազիլիքային մէջ հանդիպում ունեցաւ «Camino de Santiago-ի – Սանթիակոյի ուղեւորութիւն» իտալացի ուխտաւորներուն հետ, եւ այս առիթով անոնց ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց ներկայութեան համար դիտել տուաւ` որ դէպի Սանթիակօ գացող ուխտաւորներուն թիւը միշտ աւելիով ծաւալած է վերջին երեսուն տարիներու ընթացքին ուշադրութիւնը հրաւիրելով այդ ուխտագնացութեան խոր իմաստին վրայ եւ ասկէ մեկնելով ակնարկեց քրիստոնէական իսկական ուխտագնացութեան իմաստի մասին, այս ուղղութեամբ ներկայացնելով անոր հայող երեք նշաններ։

Լռութիւն

Առաջինը լռութիւնը` որ անհրաժեշտ է ունկնդրելու համար Աստուծոյ ձայնը ու ներքին պատասխաններ գտնել այդ ուղեւորութեան յոգնութեան միջոցաւ, ըսաւ Քահանայապետը յղում կատարելով Եղիա մարգարէի տիպարին։

Աւետարան

Երկրորդ նշանը` Աւետարանի ներկայութիւնն է, զոր պէտք է մեր հետ տանինք։ Աւետարանը կարդալը մեզի կ՛օգնէ հետեւելու համար Յիսուսին ու անոր օրինակին, եւ ապրիլ դէպի միւսներու ծառայութեան ի սպաս ուղղուած ուխտագնացութիւն մը։ Քահանայապետը այս ուղղութեամբ նշե`ց թէ երբ մենք Աւետարանը կը կարդանք մեր մօտ ունինք մէկ մը` Սուրբ Հոգին, Ան է որ մեզի լաւապէս հասկցնել կու տայ Աւետարանը» յարեց Ան ու խօսեցաւ երրորդ նշանի մասին` միւսներուն նկատմամբ ուշադրութիւնը։

Դիւրաբեկներուն նկատմամբ ուշադրութիւն

Մատթէոս Աւետարանի 25-րդ գլխուն մէջ կը կարդանք«Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, քանի որ իմ այս եղբայրներէս ամենէն պզտիկներէն մէկուն ըրիք, ինծի ըրիք» (Մատթ. 25,40)։ «Լռութիւն, Աւետարան ու բարեգործութիւն` թշուառութեան մէջ ապրող մարդոց ի սպաս» հաստատեց Քահանայապետը անգամ մը եւս շեշտելով բարիք գործելու կարեւորութիւնը` յատկապէս անոնց որոնք կարիքի մէջ են եւ ասկէ մեկնելով յիշեց Սուրբ Լուիճի Կուանելլան խօսքերը «հաւատացեալի կեանքին նպատակն է այնպէս ընել է` որ ոչ մէկը ետին մնայ» ըսաւ Սրբազան Պապը քաջալերելով ներկաները շարունակելու իրենց աւետարանութեան ու հոգատարութեան առաքելութիւնը։

Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքը օրինակ

«Նազարէթի Սուրբ ընտանիքը, ուխտաւոր Պաղեստինի երկրին մէջ, մեզի օրինակ թող հանդիսանայ այս սպասումի ժամանակ» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն ու անոնց տալով իր օրհնութիւնները ու հաւաստիացնելով իր աղօթքները` ապա խնդրեց որ աղօթեն իրենց համար։

Քահանայապետը խօսքը աւարտեց ներկաներուն մաղթելով շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/12/2024, 10:48