Il Papa a Santa Maria Maggiore prima del viaggio ad Ajaccio

Այաչչոյի առաքելական ճամբորդութիւնէն առաջ Սրբազան Պապը աղօթեց Մարիա Մաճճորէ տաճարին մէջ

Ան հանդիպում ունեցաւ նաեւ «Հռոմի կենդանի մսուրի» դերասաններուն հետ անոնց ուղղելով իր սրտին խօսքը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Սովորութեան համաձայն այս անգամ եւս Նորին Սրբութիւնը, շաբաթ 14 դեկտեմբերի երեկոյեան, նախ քան իր առաքելական 47րդ միջազգային ճամբորդութիւնը ուզեց այցելել Մարիա Մաճճորէ տաճարը ու ամփոփուիլ Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերին առջեւ Տիրամօր յանձնելով վաղուան ճամբորդութիւնը դէպի Այաչչօ, ուր պիտի մասնակցի «La Religiosité Populaire en Mediterranée» համագումարի եզրափակիչ նիստին։ Լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը «Թելեկրամ» հարթակի միջոցաւ։

Սրբազան Պապը այս առիթով հանդիպում ունեցաւ նաեւ «Հռոմի կենդանի մսուրի» դերասաններուն հետ, որ երրորդ տարուան համար կազմակերպուած է Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարին մէջ, անոնց ուղղելով սրտի խօսք մը, որուն մէջ ընդգծեց թէ Սուրբ Ծնունդը «ուրախութիւն կը բերէ» ու թէ անոր պատգամը ընտանիքն է։

«Ծնունդը մեզի կը բերէ Մանուկի մը քնքշութիւնը։ Մեզի կը բերէ մօր մը հոգատարութիւնը, ու Տիրամայրը մեզի կ՛ընկերանայ մեր կեանքի ընթացքին։ Ապա «կը բերէ Սուրբ Յովսէփին օրինակը որ աշխատեցաւ միշտ, յառաջ տանելու համար ընտանիքը։ Ծնունդին պատգամը ընտանիքն է. մանուկ, մայր ու հայր….եւ մեզի կը սորվեցնէ շատ գեղեցիկ բաներ» ըսաւ Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն իրենց իրագործած կենդանի մսուրին համար ապա բարի ու սուրբ Ծնունդ մաղթեց անոնց. «Թող որ բոլորին սրտերը ըլլան խաղաղութեան մէջ» յարեց Ան եւ եթէ մէկը խաղաղութիւն չունի իր սրտին մէջ յիշեցէք Աստուած կը ներէ ամէն բան, կը ներէ միշտ։ Մի վախնաք Տիրոջմէ ներում հայցելէ, որովհետեւ Ան մշտապէս կը ներէ։ Ան եկաւ մեզի համար քնքշութեամբ» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց բոլոր ներկաները միասին աղօթելու «Ողջոյն քեզ Մարիամ աղօթքը», որպէսզի մեզի օգնէ ու մեզ օրհնէ այս սուրբ Ծննդեան առիթով» յարեց Ան բոլոր ներկաներուն շնորհելով որ առաքելական օրհնութիւնները։

 

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/12/2024, 16:40