Որոնել

Il Papa,preghiamo per la pace, mondo non soffra tanto per guerre

«Ներէ մեզի մեր պարտքերը։ Տուր մեզի քու խաղաղութիւնդ»։ 2025ի Խաղաղութեան համաշխարհային օրուան բնաբանը

Խաղաղութեան Համաշխարհային օր կը յիշատակուի իւրաքանչիւր տարուայ առաջին օրը` մէկ Յունուարին։ Քահանայապետին Օրուան նուիրուած պատգամը պիտի ներկայացուցի 12 դեկտեմբերին։

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժին

Յառաջիկայ հինգշաբթի 12 դեկտեմբերին առաւօտեան ժամը 11,30նին, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին մէջ պիտի ներկայացուի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 2025ի Խաղաղութեան Համաշխարհային 58-րդ Օրուան նուիրուած պատգամը։ Օր` որ կը յիշատակուի մէկ Յունուար 2025ին որուն այս տարուայ բնաբանն է «Ներէ մեզի մեր պարտքերը։ Տուր մեզի քու խաղաղութիւնդ»։

Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ կ՛ունենան Կարդինալ Միքայել Չեռնի` Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան Վերատեսչութեան վերատեսուչը, Տիկ Քրիզան Վայանքուր Մըրֆի` Catholic Mobilizing Networkի գործադիր տնօրէն եւ ճարտարագէտ Վիթօ Ալֆիերի Ֆոնթանան։

Մամլոյ ասուլիսին կարելի է հետեւիլ Վատիկան Նիուզ «Եութուպի» կայանի միջոցաւ կապուելով հետեւեալ հասցէին https://www.youtube.com/c/VaticanNews

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/12/2024, 13:06