2024.12.14 Partecipanti al "Christmas Contest" e al Concerto di Natale 2024

Սրբազան Պապը ընդունեց Սուրբ Ծննդեան համերգի կազմակերպիչներն ու արուեստագէտները

«Բարեկամներ աշխարհին և եկեղեցուն պէտք ունին ձեր տաղանդը, ձեր ստեղծագործական իտէալներուն, ձեր անձնուիրումի կարողութեան, արդարութեան և եղբայրութեան ձեր կիրքին» ըսաւ Քահանայապետը:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Շաբաթ` 14 դեկտեմբեր 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներու առաքելական պալատէն ներս ընդունեց Սուրբ Ծննդեան համերգի կազմակերպիչները որոնց շարքին` Gravissimum Educationis հիմնարկը, Տոն Պոսքօ առաքելութիւններու կազմակերպութիւնը եւ համերգին մասնակցող արուեստագէտները։

Խաղաղութիւն

Այս առթիւ անոնց ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Պապը ուզեց խորհրդածել երկու կարեւոր արժէքներու մասին` խաղաղութիւնն ու յոյսը ակնարկելով Յիսուսի ծննդեան առթիւ խաղաղութեան օրհներգին, որ ըսաւ Ան, «լեցուց երկինքն ու երկիրը»։

«Երաժշտութիւնն ալ `խօսելով յատուկէն եւ ուղղակի կերպով մարդու սրտին ունի մեծ կարողութիւն ստեղծելու միութիւն ու խթանելու հաղորդութիւնը» ըսաւ Քահանայապետը հրաւիրելով բոլոր ներկաները իրենք եւս ըլլալու «խաղաղութեան հրշտակներ», ամէնուրեք խթանելով «եղբայրութեան ու հաշտութեան մշակոյթը, որուն կարիքը կայ այսօր աւելի քան երբեւիցէ»։

Յոյս

Խօսելով ապա յոյսի արժէքի մասին Նորին Սրբութիւնը գնահատանք արտայայտեց, որ Վատիկանի մէջ կայացած Սուրբ Ծննդեան համերգը նուիրուած է յոյսի նիւթին ու նաեւ  զօրակցութեան ու աջակցութեան զոր արուեստագէտները կ՜արտայայտեն երիտասարդներով զբաղող Սալեզեան միաբաններու առաքելութեան։

«Այս մէկը ձեզ համահունչ կը դարձնէ համայն Եկեղեցւոյ «յոյսի ուխտաւորներ»ու յոբելենականն ճանապարհորդութեան» յարեց Քահանայապետը հաստատելով, որ «Սուրբ Ծնունդը մեզ կը յիշեցնէ որ յոյսը նախ եւ առաջ Աստուծոյ պարգեւ մըն է եւ թէ որպէս այն ան կը հիմնուի հաւատքին վրայ, որ սնուած է սիրով» (Spes non confundit, 3)։ Ասոր համար ան մէկ կողմէ կարիք ունի իր արմատները մխրճելու Տիրոջ հետ հաղորդութեան պտղաբեր արտին մէջ եւ միւս կողմէն աճելու ու ծաղկելու սիրոյ շօշափելի ընտրանքներով, որպէսզի ներկան լիացնէ իմաստով ու վաղուան համար բանայ նոր հորիզոններ»։

Աշխարհը պէտք ունի արուեստագէտներու տաղանդին

«Խաղաղութիւն եւ Յոյս» ահա երկու ձայներ այն երգին` որով կը քաջալերեմ որ դուք լեցնէք աշխարհին ճամբաները ու զայն յանձնէք եկող սերունդներուն» եղաւ հուսկ Նորին Սրբութեան մաղթանքը, ապա նշեց, որ աշխարհն ու Եկեղեցին պէտք ունին արուեստագէտներու տաղանդին, անոնց ստեղծագործութեան, անոնց նուիրումի կարողութեան, անոնց արդարութեան ու եղբայրութեան կիրքին։

Ասոր համար ըսաւ Ան ձեր ու ձեր սիրելիներուն վրայ կը հայցեմ Տիրոջ առատ օրհնութիւնները մաղթելով Սուրբ Ծննդեան յաջող համերգ ու հաճեցէք չմոռնալ աղօթելու ինծի համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/12/2024, 10:05