Յոյսով պատրաստուինք Փրկչին գալստեան. Ֆրանչիսկոս Պապ
Յոյսով հայցենք. «Եկուր` Տէր Յիսուս»
«Պատրաստուինք Փրկչին գալստեան, այս Գալստեան շրջանին ու յատկապէս մօտալուտ Սուրբ Տարուան ժամանակ` յոյսով հայցենք. «Եկուր` Տէր Յիսուս». Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 17 դեկտեմբեր 2024ին Քահանայապետական ԻՔՍ հարթակի վրայ կատարած գրառումը որով կը հրաւիրէ յոյսով պատրաստուիլ Սուրբ Ծննդեան տօնին եւ Յոյսի նուիրուած Սուրբ Տարուան բացումին որ տեղի պիտի ունենայ մէկ շաբաթէն` Սուրբ Ծննդեան տօնի նախօրէին` երեքշաբթի 24 դեկտեմբերի երեկոյեան Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորութեամբ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
17/12/2024, 13:30