Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Սլովենիայի նախագահին
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին
«Հինգշաբթի 5 դեկտեմբեր 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Տիկ. Nataša Pirc Musar-ին, Սլովենիայի Հանրապետութեան Նախագահին որ ապա հանդիպում ունեցաւ Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ՛ընկերանար Գերապ. Միրիզլաւ Վաչովսքին, Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու ենթաքարտուղար»։
Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացնելով նաեւ թէ Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած սիրալիր զրոյցներու ընթացքին ի յայտ դրուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Սլովենիայի միջեւ առկայ լաւ յարաբերութիւնները ու ակնարկուեցաւ Եկեղեցի - Պետութիւն յարաբերութիւններուն հայող մի քանի բաց հարցերու մասին, ընդգծելով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ներդրումը` Սլովենիայի ընկերութեան մէջ։
Այնուհետև խօսակցութիւնը կենտրոնացաւ միջազգային բնոյթի տարբեր հարցերու վրայ՝ առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Արևմտեան Պալքաններու տարածաշրջանին և Մերձաւոր Արևելքի եւ Ուկրանիայի հակամարտութիւններուն:
Յայտնենք որ Սրբազան Պապին հետ հանդիպումը տեւեց 25 վարկեան, որուն աւարտին տեղի ունեցաւ պատուիրակութեան անդմաներու ներկայացումը ու նուէրներու փոխանակումը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ