Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Մեղմացնել աղքատներուն պարտքերը

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Իտալական կարգ մը դրամատուներուն ներկայացուցիչներուն։ Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց որ դրամատուները պէտք է որ աշխատին ոչ թէ միայն իրենց շահերուն համար այլ համայնքին ծառայութեան համար ու խնդրեց մեղմացնել աղքատներուն պարտքերը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 16 դեկտեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալական կարգ մը դրամատուներու ներկայացուցիչները ու անոնց ուղղած ողջոյնի խօսքը սկսաւ մատնանշելով, որ այս հանդիպումը հնարաւորութիւն կու տայ անդրադառնալու ներկայի տնտեսութեան եւ Ֆինանսներու ներուժին ու հակասութիւններուն ընդգծելով Ֆինանսներու կարեւորութիւնը, որ կը ծառայէ համայնքին եւ ոչ թէ շահերուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յիշեց, թէ ինչպէս պատմութեան մէջ եկեղեցին հանրաճանաչ ձեւով աջակցեցաւ դրամատուներու նախաձեռնութիւններուն ինչպէս «Մոնթի Տի Փիեթան» օգնելու համար դժուարութեան մէջ գտնուող անձերուն։

Եկեղեցին միշտ աջակցած է դրամատուներուն նախաձեռնութիւններուն 

«Մոնթի Տի Փիեթա» դրամատուները վարկեր տրամադրեցին բոլոր անոնց որոնք ի վիճակի չէին ու շատ մը ընտանիքներուն թոյլ տուին ոտքի կանգնելու եւ համալրուելու քաղաքներուն տնտեսական եւ ընկերային աշխատանքներու մէջ ըսաւ» Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով նաեւ, որ 18րդ եւ 19 րդ դարերու միջեւ Նաեւ Լեւոն ԺԳ Պապին «Rerum novarum» առաքելական նամակին հրապարակումէն ետք նման բաներ ձեռք բերուեցան Իտալական գիւղերուն մէջ։

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա մտահոգութիւն յայտնեց ժամանակակից ֆինանասի վերաբերեալ, որ յաճախ կ՝անտեսէ համայնքներուն պահանջները ու կը նպաստէ ընկերային անհաւասարութիւններուն, ըսաւ Ան ու ընդգծեց կայուն եւ ներառական ֆինանսի անհրաժեշտութիւնը, որ կարող է աջակցիլ մարդկային համապարփակ զարգացման։

Մեղմացնել աղքատներուն պարտքերը ու յոյս ներշնչել

Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց թէ դրամատուները պատասխանատուութիւնը ունին խրախուսելու խաղաղութեան եւ ընկերային արդարութեան տնտեսութիւնը ու հրաւիրեց խորհելու գալիք յոբելեանին մասին՝ որպէս պարտքը մեղմացնելու եւ յոյսը յառաջացնելու հնարաւորութիւն։

«Յոբելինական Սուրբ Տարին մեզի կը յիշեցնէ պարտքերը ներելու անհրաժեշտութեան մասին։ Դա շատ մը մարդոց , մասնաւորապէս աղքատներու կեանքին մէջ յոյս տալու պայման է», ըսաւ Սրբազան հայրը քաջալերելով վստահութիւն սերմանել ու երբեք չյոգնիլ ընկերային արդարութեան մակարդակը բարձր պահելէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց մախթելով բոլորին, որ յոյս փոխանցեն բոլոր անոնց որոնք աջակցութիւն կը փնտռեն ապա տալով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց, որ աղօթեն իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/12/2024, 10:48