Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Աւետարանը հռչակելը բոլոր քրիստոնեաներուն առաքելութիւնն է

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Սուրբ Հոգիին պատգամաբերներ Քարմելիթեան միաբանութեան» քոյրերը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 6 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Սուրբ Հոգիին պատգամաբերներ Քարմելիթեան միաբանութեան» քոյրերը։

Արտասանած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց քոյրերուն, Եւրոպայի տարբեր երկիրներէն ու Պրազիլէն ժամանած ըլլալնուն համար, «Սուրբ Պետրոսի եւ Պօղոսի առաքեալներուն շիրիմներուն ուխտագնացութիւն կատարելու նպատակով։

Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց, որ մայրապետներուն ներկայութիւնը այս պահուն աւելի նշանակալից է, տրուած ըլլալով, որ յառաջիկայ 24 դեկտեմբերին, բացումը պիտի կատարուի Սուրբ Պետրոս անուան տաճարին սուրբ դրան։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա մէջբերելով Ղուկաս Աւետարանիչէն հետեւեալ հատուածը «Տիրոջ հոգին իմ վրաս է, ասոր համար իսկ օծեց զիս եւ ղրկեց աղքատներուն, տիրոջ շնորհաբեր տարին հռչակելու» նշեց, որ այս հատուածը միաբանութեան հիմնադրութեան ներշնչումը եղաւ ու այս տարի, որ վերջ պիտի գտնէ շնորհաբեր տարի մը եղաւ միաբանութեան համար, որովհետեւ անցեալ յուլիսին նշուեցաւ միաբանութեան հիմնադրութեան 40-րդ ամեակը եւ գումարուեցաւ միաբանութեան ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին ընտրուեցաւ խումբ մը, որ պիտի գլխաւորէ կրօնական ընտանիքը յաջորդ վեց տարիներուն։

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ընդծեց, որ ողջ աշխարհին աւետարանը հռչակելը բոլոր քրիստոնեաներուն առաքելութիւնն է ու «Վա՛յ ինծի եթէ չ՝աւետարանեմ» (1 Կորնթ 9,16), Սուրբ Պօղոսի այդ խօսքը պէտք է հնչէ իւրաքանչիւր մկրտեալին մէջ։ Նորին Սրբութիւնը զգուշացուց նաեւ շատախօսութիւն կատարելէ ընդգծելով, որ շատախօսութիւնը աւետարանումի դէմ է։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց ըսելով «Ձեր միաբանութեան մէջ այս աւետարանումի առաքելութիւնը՝ տարբեր ոլորտներու մէջ սերտօրէն կապուած է խորհրդածութեան եւ աղօթքի կեանքին հետ, որ կը հետեւի հին եւ գեղեցիկ Քարմելիլթեան աւանդութեան»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2024, 09:31