Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Յոբելինական Սուրբ Տարիները թանկարժէք պահեր են մեր կեանքը գնահատելու համար, թէ՛ որպէս անհատ, թէ՛ որպէս համայնք լսելով այն ինչ որ Սուրբ Հոգին կ՝ըսէ

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Նազարէթի Սուրբ Ընտանիք» միաբանութեան քոյրերը, միաբանութեան հիմնադրութեան 150-րդ ամեակի առթիւ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 4 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Նազարէթի Սուրբ Ընտանիք» միաբանութեան քոյրերը, միաբանութեան հիմնադրութեան 150-րդ ամեակի առթիւ։

Արտասանած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթեց, որ միաբանութեան հիմնադրութեան 150-րդ տարեդարձը, մայրապետներուն առիթ դառնայ Տիրոջ գոհութիւն յայտնելու, պատմութեան հոլովոյթին ստացած բազմաթիւ պարգեւներուն համար, ինչպէս նաեւ առիթ դառնայ հոգեւորականութեան վերանորոգումին՝ Տիրոջ մատուցած ուրախ ծառայութեան մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա իր ուրախութիւնը յայտնեց այն բանին համար որ միաբանութեան հիմնադրութեան տարեդարձը կը համընկնի նոր ծիսական տարուան սկիզբին, նշելով որ Յիսնակացի ժամանակաշրջանը կրնայ օրինակ ծառայել՝ Աստուծոյ նախախնամութեան հանդէպ վստահութիւնը մեծցնելու։

Նորին Սրբութիւնը ապա իր աղօթքը ապահովուեց, որպէսզի այս տօնակատարութիւնները օգնեն միաբանութեան անդամներուն՝ աճելու Մարմնացած Աստուծոյ Որդիին մասին հանդէպ խորհրդածութեան մէջ, մասնաւորապէս Սուրբ Պատարագով եւ անձերուն ծառայութեան մէջ։

Անդրադառնալով ապա Յոբելինական Սուրբ Տարուան, Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց , որ Յոբելինական Սուրբ Տարիները թանկարժէք պահեր են մեր կեանքը գնահատելու համար, թէ՛ որպէս անհատ, թէ՛ որպէս համայնք։ Յոբելենականները առիթ են նաեւ խորհրդածելու եւ լսելու այն ինչ որ Սուրբ Հոգին կ՝ըսէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց հրաւիրելով մայրապետները չմոռնալու պատերազմներէն եւ բռնութիւններէն տուժած ընտանիքները, իրենց տուներէն տեղահանուածները, կամ իրենց երկիրներէն գաղթած անձերը, մաղթելով նաեւ որ մայրապետները իրենց վեհանձն բարեգործական աշխատանքներով դառնան յոյսի նշաններ, բոլոր անոնց որոնք կ՝ապրին դժուարութիւններուն մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ապահովուելով իր աղօթքը Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքի միաբանութեան անդամներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրելով ինչպէս միշտ որ աղօթեն իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/12/2024, 09:59