Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի աշխատաւորներուն. Շնորհակալութիւն ձեր աշխատանքին համար եթէ դժուարութիւններ ունիք եկէք խօսինք միասին։

Սուրբ Ծնունդի տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի «Պօղօս Զ» անուան դահլիճին մէջ առաւօտուն ընդունեց Վատիկանի բոլոր պաշտօնեաները

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 21 դեկտեմբերին, Սուրբ Ծնունդի տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի «Պօղօս Զ» անուան դահլիճին մէջ առաւօտուն ընդունեց Վատիկանի բոլոր պաշտօնեաները ու անոնց ուղղեց իր սիրտի խօսքը, որուն սկիզբը իր ուրախութիւնը յայտնեց՝ ներկաներուն հետ Սուրբ Ծնունդի շնորհաւորութիւնները փոխարինելու համար, ապա իր երախտագիտութիւնը յայտնեց իւրաքանչիւրին՝ ի շահ Վատիկանի եւ ընդհանրական եկեղեցւոյ կատարած աշխատանքին համար։

Քահանայապետը ապա խօսքը կեդրոնացուց երկու հիմնական արժէքներու վրայ՝ աշխատանքի եւ ընտանիքի կարեւորութիւնը։

Աշխատանքի վերաբերեալ Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ, որ բոլորին յանձնառութիւնը նկատելի է՝ Վատիկանը համեմատելով մեծ փեթակի հետ, ուր իւրաքանչիւրը իր ներդրումը կը բերէ իր սեփական աշխատանքով ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք նոյն ժամուն կ՝աշխատին սոյն հանդիպումը իրականացնելու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ուշադրութեան հրաւիրեց ամենօրեայ աշխատանքի կարեւորութեան վրայ, համեմատելով ներկաներուն ջանքերը Յիսուսի ջանքերուն հետ, որ դարձաւ ատաղձագործի աշակերտ ու նպաստեց աշխարհի փրկութեան խոնարհութեան եւ ծառայութեան միջոցաւ։

«Յիսուս ինքը ցոյց տուաւ մեզի. Ան՝ Աստուծոյ Որդին, որ մեզի հանդէպ սիրոյ համար ատաղձագործի աշակերտ դարձաւ Յովսէփի դպրոցին մէջ։ Նազարէթին մէջ քիչեր գիտէին Յիսուսի մասին, գրեթէ ոչ մէկը, սակայն ատաղձագործական արհեստանոցին մէջ շատ մը այլ բաներուն հետ միասին կը կազմէր աշխարհի փրկութիւնը։ Եւ նոյնը միեւնոյն իմաստով, կը վերաբերի ձեր հետ, որ դուք ձե՛ր ամենօրեայ աշխատանքով թաքնուած Նազարէթներու մէջ կը նպաստէք Յիսուսը մօտեցնելու ողջ մարդկութեան եւ համայն աշխարհի մէջ ու Անոր արքայութիւնը տարածելու համար» ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Ինչ կը հայի ընտանիքին, Ֆրանչիսկոս Պապ իր ուրախութիւնը յայտնեց տեսնելով ծնողներն ու մանուկները, որ հաւաքուած են Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա Յիշեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ, որ ընտանիքը նկարագրեց որպէս հաւատքի օրրան, ընդգծելով ամուսնութեան եւ ընտանեկան կեանքը, որպէս հաւատքի եւ փոխադարձ սիրոյ աճի վայրերը։ Քաջալերեց բոլորը պահպանելու ընտանեկան կապերը, ընդգծելով յարգանքի, լսելու եւ ընդհանուր աղօթքի կարեւորութիւնը ու առաջարկեց նաեւ պահեր գտնել հաւաքուելու համար Մսուրի շուրջը, Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելու, օգնութիւն հայցելու եւ իրարու միջեւ սէրը թարմացնելու համար։

Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն հանդիպումի ու իրենց յանձնարարութեան համար, մաղթելով ամէն բարիք Սուրբ Ծնունդին եւ սկիզբ առնող Յոյսի Սուրբ Տարուան համար ու ինչպէս միշտ խնդրեց որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Նորին Սրբութիւնը իր առաքելական օրհնութիւնը տալէ ետք Վատիկանի աշխտաւորներունն ըսաւ. «Եթէ ձեզմէ մէկը յատուկ դժուարութիւն ունի, կը խնդրեմ, որ խօսիք պատասխանատուներուն հետ, որովհետեւ մենք կ՝ուզենք բոլոր հարցերը լուծել ու այս մէկը երկխօսութեամբ կը կատարուի, երկխօսութեամբ եւ ոչ թէ գոռալով կամ լռելով ու պիտի փորձենք բոլոր դժուարութիւնները լուծել։ Շնորհակալութիւնը, շատ շնորհակալութիւն եւ Բարի Ծնունդ» ըսաւ Սրբազան Հայրը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/12/2024, 10:14