Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սպանական «Manos Unidas»անուան ընկերակցութեան մնայուն յանձնաժողովին անդամները Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սպանական «Manos Unidas»անուան ընկերակցութեան մնայուն յանձնաժողովին անդամները  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Կանանց հանճարով արմատախիլ ընել ազգերը հարուածող չարիքները

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սպանական «Manos Unidas»անուան ընկերակցութեան մնայուն յանձնաժողովին անդամները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 9 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սպանական «Manos Unidas» անուան ընկերակցութեան մնայուն յանձնաժողովին անդամները։

Նշենք, թէ Յիշեալ յանձնաժողովը Սպանիոյ մէջ սովի դէմ պայքարող Կաթողիկէ կոմիտէ մըն է։

Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ իր ուրախութիւնը յայտնելէ ետք սոյն հանդիպումին համար, անդրադառնալով կաթողիկէ կազմակերպութեան մասին յիշեց, որ այդ բարեսիրական ընկերակցութիւնը ծնած է 1959ին, որպէս Սպանիոյ «Ացցիոնէ Քաթոլիքա» եկեղեցական շարժումի կանանց պատասխանը՝ ՖԱՕի կոչին, որ «կը դատապարտէ հացի, մշակոյթի եւ Աստուծոյ քաղցը, զոր կը վշտացնէ մարդկութեան մեծ մասը» ու ընկերակցութիւնը աւելի քան 65 տարիներէ վեր կը կատարէ իր պարտականութիւնը նպաստելու զարգացող երկիրներուն յառաջդիմութեան։

Սրբազան Հայրը ապա յիշեց Անարատ Յղութեան Տիրամայրը, նշելով որ Տիրամայրը Աստուծոյ վրայ արմատացած իր սիրտով կը շարունակէ ուշադիր ըլլալ իր զաւակներուն կարիքներուն ու անոնց մօտ կ՝երթայ Աստուծոյ մխիթարութիւնը փոխանցելու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա բարձր գնահատեց Manos Unidas”, Սպանիոյ մէջ Կաթողիկէ ընկերակցութեան քաջութեամբ եւ կարեկցութեամբ կատարած առաքելութիւնը՝ անօթութեան դէմ, թերազարգացումի եւ կրթութեան պակասի դէմ պայքարը, նշելով որ այս պարտականութիւնը հնարաւոր կը դառնայ միայն մարդու քրիստոնէական տեսլականով, որ ունի Աւետարանն ու եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը, որպէս հիմք։

Շարունակելով խօսիլ Կանանց կարեկցանքին մասին Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց որ Եւրոպայի խորհուրդի քարտուղար Ուրսուլա Վոն Տէր Լայէնը, բժշկուհի է եւ ունի եօթը զաւակները ու օր մը անոր հանդիպելով հարցուցած  է ,թէ ինչպէս լուծած է Պէլճիքայի եւ Հոլանտային հետը հարցը քարտուղարուհին պատասխանած է ըսելով, որ խնդիրները լուծած է այնպէս ինչպէս կը գործեն մայրերը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա քաջալերեց ընկերակցութեան անդամները շարունակելու իրենց կամաւորութեան եւ օգնութեան առաքելութիւնը, ապա յիշելով 2025 թուականի յոբելինական տարին հրաւիրեց դառնալու յոյսի ուխտաւորներ ու վեր կողմնորոշել կեանքը դէպի Յիսուս, նաեւ նպաստելով կարիքաւոր եւ դիւրաբեկ անձերուն՝ նիւթական բարելաւման, բարոյական յառաջընթացի եւ հոգեւոր զարգացումի ներդրման միջոցաւ, որպէսզի անոնք կարենան ունենալ կեանք մը որ կ՝արձագանգէ իրենց արժանապատուութեան, որպէս Աստուծոյ Որդիներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց մաղթելով որ Յիսնակաց շրջանը օգնէ բոլորիս հասնելու հոգեւոր վերանորոգումին, նպաստելու համար սիրոյ քաղաքակրթութեան կառուցման, որ բոլորիս թոյլ կու տայ միաւորելու Աստուծոյ նկատմամբ մեր սէրը՝ մերձաւորին հանդէպ սէրով։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց ըսելով, երբ Ինքը խոստովանանքի խորհուրդը կը մատակարարէ կը հարցնէ խոստովանողին, եթէ ողորմութիւն կը կատարէ թէ ոչ ու ընդհանրապէս իրեն այո կը պատասխանեն։ Նորին Սրբութիւնը կը հարցնէ նաեւ ողորմութիւնը տալով արդեօք կը նայի աղքատին աչքերուն։ մարդիկ կը պատասխանեն ըսելով ոչ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց, որ աղքատին ողորմութիւն տալու ժամանակ եթէ անոր անոր աչքերուն չնայինք ողորմութիւնը ոչ մէկ բան կ՝արժէ որովհետեւ անիկա սիրտէն չգար այլ գրպանէն։ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց նայելու աչքերուն մէջ եւ ձեռքով դպչիլ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/12/2024, 14:13