«Յիսուսը կեդրոն դնենք։ Խաղաղութիւն համայն աշխարհին համար։ Ֆրանչիսկոս Պապին սրտին խօսքը Քորսիքայի կրօնական դասի անդամներուն

Քորսիքայի Եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, սարկաւագներուն եւ նորընծաներուն փոխանցած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտը դրաւ ուրիշներուն հոգ տանելու կարեւորութեան վրայ ու անհրաժեշտ նկատեց Աւետարանումին համար որոնել արդիւնաւէտ հովուական ծառայութեան ուղինր
Ունկնդրէ Քահանայապետի ճամբորդութեան հայող լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Այաչչօ կատարած միօրեայ այցելութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ Տիրամօր Այաչչոյի վերափոխման անուան տաճարին մէջ, կիրակի 15 դեկտեմբերին, հանդիպեցաւ եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, սարկաւագներուն եւ նորընծաներուն հետ ու անոնց փոխանցած պատգամը սկսաւ իր երախտագիտութիւնը յայտնելով իւրաքանչիւրին նուիրուածութեան եւ ամէնօրեայ կատարած աշխատանքներուն համար ըսելով, որ «բոլորը ողորմած Աստուծոյ սիրոյ նշան են եւ Աւետարանի վկաները»։ Նորին Սրբութիւնը ապա ողջունեց ու իր ուրախութիւնը յայտնեց 70 տարիէ ի վեր ծառայող 90 տարեկան քահանայ մը։

Աստուած կեդրոն դնել

Ակնարկելով ապա Եւրոպայի մէջ հաւատքի տարածման կապուած մարտահրաւէրներուն Սրբազան Հայրը կարեւոր համարեց այն իրողութիւնը որ բոլորին առաքելութիւնը կախեալ չէ մարդկային ուժերէն, այլ Աստուծոյ աշխատանքէն ու երբեք պէտք չէ մոռնալ Աստուած կեդրոն դնել եւ ոչ թէ մեր անձերը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յորդորեց կղերի անդամները դառնալու Աստուծոյ շնորհքի համագործակիցները ու այդ կատարելու համար խրատեց որ պէտք է հարց տալ թէ ինչպէս կ՝ապրինք մեր նուիրուածութիւնն ու քահանայութիւնը խուսափելով ներքին սերտութիւնը կորսնցնելէ։

Ամէն օր վերանորոգենք մեր հանդիպումը Քրիստոսին հետ

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացուց երկու կարեւոր կէտերուն վրայ նախ հոգ տանիլ մեր անձերուն ապա հոգ տանիլ ուրիշներուն նշելով որ հոգ տանիլ մեր մասին կը նշանակէ ամէն օր վերանորոգել Տիրոջ հետ հանդիպումի ուրախութիւնը, մտիկ ընել Անոր խօսքին, զարգացնելով մենակութեան եւ եղբայրութեան պահեր։ Ֆրանչիսկոս Պապ կարեւոր համարեց նաեւ ուրախութիւններն ու մարտահրաւէրները կիսելը եղբայրակիցներուն հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադառնալով ուրիշներուն հոգ տանելու մասին նշեց որ անիկա կ՝ենթադրէ Յիսուսը տանիլ կարիքաւորներու մօտ սպառելով մեր անձը մեր եղբայրներու եւ քոյրերուն բարօրութեան համար ու անհրաժեշտ նկատեց որոնելը արդիւնաւէտ հովուական ծառայութեան ուղիները, աւետարանումին համար վերանորոգելով հաւատքի լեզուները եւ հանդիպելով անձերուն հետ հոն ուր որ կ՝աշխատին կամ կ՝ապրին։

Աշխարհակալութեան եւ ունայնութեան վտանգը

Տէրը միշտ կեդրոնն է ու այս պէտք չէ, որ մոռնալ ըսաւ Սրբազան Հայրը ու յորդորեց իւրաքանչիւրին ամէն առտու իրենց աղօթքներու մէջ կրկնել, որ մեր ծառայութիւններուն կեդրոնը միշտ Աստուած է եւ ոչ թէ ես, քանի որ ըսաւ Սրբազան Հայր աշխարհակալութեան վտանգը կայ, ունայնութեան վտանգը։

Ֆրանչիսկոս Պապ կը հրաւիրէ աղօթելու Միջերկրական ծովուն նայող երկիրներուն համար

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց մաղթելով ուրախութեամբ եւ յոյսով հարուստ ծառայութիւնը խրատելով որ յոգնութեան պահերուն Տիրոջ դիմել, որ մխիթարութիւն կու տայ ապա հրաւիրեց գիշերները մատուռ երթալ Տիրոջ շնորհակալութիւն յայտնելու ու երբեք չմոռնալ Տիրամայրը ու խնդրեց քահանաներէն երբեք չչարչարել հաւատացեալները խոստովանանքի ժամանակ։ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց նաեւ աղօթելու զօրաւոր մրրիկէ տուժող անձերուն համար։ Քահանայապետը պատգամը աւարտեց հրաւիրելով աղօթել խնդրելով խաղաղութիւն Միջերկրական ծովուն նայող երկիրներուն եւ հակամարտութեան մէջ բոլոր ժողովուրդներուն համար։

«Միջերկրական ծովի այս կղզիէն մենք Տիրամօր խաղաղութեան աղաչանք կը բարձրացնենք. Խաղաղութիւն բոլոր երկիներուն համար որոնք այս ծովուն վրայ կը գտնուին, յատկապէս Սուրբ Երկրին ուր Մարիամ աշխարհ բերաւ Յիսուսը։ Խաղաղութիւն Պաղեստինի, Իսրայէլի, Լիբանանի Սուրիայի ու համայն Մերձաւոր Արեւելքին համար։ Թող Սուրբ Կոյս Աստուածածինը ձեռք բերէ ուքրանացի ժողովրդի և ռուս ժողովրդի համար երկար սպասուած խաղաղութիւնը: Պատերազմը միշտ ալ պարտութիւն է. Խաղաղութիւն համայն աշխարհին համար» ըսաւ Քահանայապետը ու արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/12/2024, 13:46