Ֆրանչիսկոս Պապ. Անհրաժեշտ է մարդը դնել մեր հետաքրքրութիւններու եւ աշխատանքներու կեդրոնը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 11 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Human Economic Forum շարժումի անդամները, որոնք Հռոմի մէջ կը գումարեն իրենց առաջին ժողովը, որ կը «վերաբերի տնտեսական եւ ընկերային հարցերուն ու առանցքային նիւթ ունի մարդու կայունութիւնը։
Մարդկային կայուն զարգացման որոնումը որոշիչ է ընդհանուր բարիքի պաշտպանութեան եւ խթանման համար։ Ասոր համար անհրաժեշտ է մարդը դնել մեր հետաքրքրութիւններուն եւ աշխատանքներուն կեդրոն» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով «որ մարդկային զարգացման նախագիծերը այնքան աւելի արդիւնաւէտ են, որքան երաշխաւորուած են տնտեսական համակարգերու կողմէն, որոնք կարող են ժամանակի ընթացքին պահպանել զանոնք»։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց բարձր գնահատելով վերոյիշեալ կազմակերպութեան համագումարը, որուն մասնակցած են «տարբեր կրօններէն, մշակոյթներէն մասնագէտ բանախօսներ ու կը խթանէ ուշադրութիւնն ու զգայունութիւնը մարդկային բոլոր կարիքներուն նկատմամբ։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով, ապա շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց, որ զինք յիշեն իրենց աղօթքներուն մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ