Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը՝ Յոբելեանի ընթացքին հիւրընկալելու երիտասարդ ուխտաւորները

Հռոմի թեմը հրապարակած է Ֆրանչիսկոս Պապին նամակն ու հրաւէրը ծխական հասարակութիւններուն, Յոբելինական սուրբ տարուան ընթացքին ընդունելու ուխտաւորներն ու երիտասարդները

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Յոբելինական Սուրբ Տարուան սեմին Հռոմի թեմը հրապարակեց Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ ստացած Հռոմի թեմի եւ ողջ հաւատացեալներուն ուղղած նամակը՝ աշխարհի բոլոր վայրերէն ժամանած ուխտաւորները ընդունելու վերաբերեալ։

հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք, որ յառաջիկայ 15 դեկտեմբերին, Հռոմի բոլոր թեմերուն ժողովրդապետութիւններուն մէջ պիտի կարդացուի Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը՝ ուղղուած ընտանիքներուն, ծխական հասարակութիւններուն եւ կրօնաւորներուն ու կը նշուի նաեւ, որ Պապին նամակը ստացած է Հռոմի թեմի տեղակալ առաջնորդ Կարդինալ Պալտասար Ռէնա, որուն մէջ քահանայապետը կը հրաւիրէ բոլոր հասարակութիւնները վեհանձնութեամբ մասնակցելու Սուրբ Տարուան, բանալով իրենց դռները բոլոր ուխտաւորներուն դիմաց։

Հռոմի թեմի մամլոյ գրասենեակի կողմէ հրապարակուած նամակին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ կը գրէ, թէ 2025 յոբելինական Սուրբ Տարին Հռոմի թեմերուն եւ ողջ քրիստոնեայ հասարակութեան համար կարեւոր հնարաւորութիւն է ու աշխարհի ամէն անկիւններէն ժամանած ուխտաւորներուն ներկայութիւնը առիթ պիտի ըլլայ ընկալելու իրադարձութիւն մը, որ բոլորս կը միացնէ հաւատքի եւ սիրոյ մէջ։

Նամակին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ապա շեշտը կը դնէ Երիտասարդներուն յոբելեանի կարեւորութեան վրայ նշելով, Յոբելինական Սուրբ Տարուան ընթացքինր տեղի պիտի ունենան միջոցառումներ, որոնք պիտի ներգրաւեն բազմաթիւ երիտասարդներ եւ կը յիշեցնեն ջերմ եւ եղբայրական ընդունելութեան պատասխանատուութեան մասին ու այդ միջոցառումները կը գրէ Սրբազան Հայրը միայն տօնակատարութիւններուն առիթ չեն, այլ նաեւ խոր մտորումներ եւ հոգեւոր աճում, որուն միջոցաւ երիտասարդները պիտի կարենան կիսել իրենց փորձառութիւններն ու ոգեւորութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակի մէջ ապա կը հրաւիրէ բոլոր ընտանիքները, ծխական հասարակութիւնները, կրօնական խումբերը իրենք զիրենք հասանելի դարձնելու երիտասարդ ուխտաւորներուն ընդունելութեան, ընդգծելով որ հիւրընկալութիւնը հիմնարար արժէք է, որ մեզ կը միացնէ եւ զգալ կու տայ մաս մը մեծ ընտանիքի։

Ի վերջոյ ֆրանչիսկոս Պապ կը նշէ, որ այս միջոցառումներուն պատրաստութիւնը յանձնառութիւն կը պահանջէ, վստահեցնելով որ անոնց դիմաց պիտի ստանանք շատ բաներ. երիտասարդներու ուրախութիւնը, յոյսն ու եռանդը մեզ պիտի վերանորոգեն եւ պիտի օգնեն միասին կառուցելու աւելի լաւ աշխարհ մը։

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակը կ՝աւարտէ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին պատրաստակամութեան եւ առատաձեռնութեան համար, ապա հայցելով Սալուս Փոփոլուի Տիրամօր հովանին կը վստահեցնէ, որ յոբելեանի բոլոր պահերը առատ պտուղ պիտի տան բոլոր համայնքներուն մէջ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2024, 12:17