Որոնել

Աւարտեցաւ Քահանայապետին Քորսիքա միօրեայ ճամբորդութիւնը

ճամբորդութեան հանգրուանները մէկ վայրկեանով
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 15 դեկտեմբերի երեկոյեան իր աւարտին հասաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին առաքելական 47րդ միջազգային ճամբորդութիւնը որ սկիզբ առած էր առաւօտեան ու տեւած միայն 12 ժամ որուն ընթացքին Սրբազան Պապը Քորսիքա կղզիի կեդրոնական քաղաք Այաչչոյի մէջ մասնակցեցաւ ժողովրդական բարեպաշտութեան նուիրուած համագումարին, հանդիպում ունեցաւ Կղզիի կղերական դասին հետ ու մատոյց սուրբ պատարագը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 15 հազար հաւատացեալներ։ Ֆրանչիսկոս Պապը առաջին քահանայապետն է որ կ՛այցելէր ֆրանսական այս կղզին։

Նախ քան Հռոմ վերադառնալը Ան Այաչչոյի օդակայանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուել Մաքրոնի հետ հուսկ վերադարձի թռիչքի ընթացքին ողջունեց իր հետ ճամբորդող լրագրողները առանց սակայն անոնց հետ ունենալու աւանդական զրոյցը ի տես նաեւ ճամբորդութեան կարճատեւութեան։

Նորին Սրբութիւնը ուզեց անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնել լրագրողներուն իրենց աշխատանքին համար ու յատուկէն ընդգծել` թէ ինչպէս Այաչչոյի մէջ հանդիպած էր բազմաթիւ մանուկներու։ Ասիկա մանուկներու աշխարհ է. Մտաբերեցրէք այլ ճամբորդութիւններ` ուր անոնք չէին տեսնուեր։ Ըլլայ Թիմոր Լեսթի մէջ ըլլայ այստեղ շատ ուրախ եղայ տեսնելով ժողովուրդ մը` որ այսքան մանուկներ ունի։ Ասիկա ապագան է» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Ի տես Նորին Սրբութեան յառաջիկայ 17 դեկտեմբերի տօնախմբելիք տարեդարձին լրագրողները թռիչքի ընթացքին ուզեցին Անոր նուիրել շինծու կարկանդակ մը։

Յայտնենք` որ Նորին Սրբութիւնը եւ իր հետ ճամբորդող պատուիրակութեան անդամները փոխադրող օդանաւը վայրէջք կատարեց Ֆիումիչինօ օդակայան երեկոյանան ժամը 7,56ին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/12/2024, 07:30