Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը. Տիրամայրը մեզի կը հրաւիրէ չվախնալու

Սրբազան Հայրը խօսքը կեդրոնացուց, հինգ դար առաջ Տիրամօր Սուրբ Խուան Տիէկոյին ուղղած խօսքին վրայ՝ «մի վախնար», քաջալերելով հաւատացեալները երբեք չվախնալու որովհետեւ Տիրամայրը մեր մօտն է, որպէս մայր, այնպէս ինչպէս մօտիկ եղաւ Սուրբ Խուան Տիէկոյին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 12 դեկտեմբերին, Վատիկանի «Սուրբ Պետրոս» անուան տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ գլխաւորեց, Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, Մեքսիքոյի եւ ողջ աշխարհի մէջ մեծարուած Կուատալուփէյի Սուրբ Կոյս Մարիամի ծիսական տօնին առթիւ։

Սուրբ Պատարագի սկիզբը Սրբազան Հայրը կանգ առաւ ու աղօթեց Կուատալուփէի Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ ապա գլխաւորեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, մասնակցութեամբ աւելի քան 4000 հաւատացեալներուն, որոնց շարքին, 14 եպիսկոպոսներ, 14 կարդինալներ եւ 350 քահանաներ։

Ֆրանչիկոս Պապին հետ համապատարագեցին Եպիսկոպոսներուն վերատեսչութեան վերատեսուչ կարդինալ Ռոպէրթ Ֆրանսիս Փրէվոլս, անչափահասներուն պաշտպանութեան յանձնաժողովին քարտուղար, գերպ Լուիս Մանուէլ Ալի, եւ Մեքսիլոյի Սալթիլլօ թեմի եպիսկոպոս, գերպ Հիլարիօ Կոնզալէզ Կարսիա

Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած Քարոզը Սրբազան Հայրը խօսքը կեդրոնացուց, հինգ դար առաջ Տիրամօր Սուրբ Խուան Տիէկոյին ուղղած խօսքին վրայ՝ «մի վախնար», քաջալերելով հաւատացեալները երբեք չվախնալու որովհետեւ Տիրամայրը մեր մօտն է, որպէս մայր, այնպէս ինչպէս մօտիկ եղաւ Սուրբ Խուան Տիէկոյին։

Այս խօսքին մէջ կը յայտնուին Տիրամօր մայրութիւնը, ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա խօսքը կեդրոնացուց Կուատալուփէ Տիրամօր խորհուրդի վերաբերող երեք բառերուն վրայ, վերարկու, Մայր եւ վարդ ըսելով որ Տիրամօր մայրութիւնը դրոշմուած է այդ պարզ վերարկուին վրա։ Տիրամօր մայրութիւնը կը յայտնուի վարդերուն գեղեցկութիւնով որ գտաւ ու բերաւ ԻՆտոսը եւ Սուրբ Կոյս Մարիամ մայրութիւնն է, որ հրաշք կը գործէ՝ հաւատքը բերելու սիրտերուն ըսաւ Սրբազան Հայրը ընդծծելով որ «վերակուն, վարդը եւ Ինտոսը՝ այս ամէնը, ինչ որ կարելի է ըսել Կուտալուփէի խորհուրդին մասին եւ այդ բոլորէն դուրս սուտ է, այդ կ՝ուզեն օգտագործել գաղափարախօսութիւններու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը աւարտեց յորդորելով յառաջ երթալու Կուտալուփէի Տիրամօր միջոցաւ ու մտիկ ընելով Անոր խօսքը, մի վախնար, հոս չե՞մ որպէս քու Մայրդ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/12/2024, 10:04