ԱՄՆ-ի նախագահ Պայտըն Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհած է «Ազատութեան» մետալը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պաշտօնաւարտ նախագահ Ժօ Պայտըն, Ֆրանչիսկոս Պապը պարգեւատրած է «Presidential Medal of Freedom with Distinction» մետալով, որ համարուած է ամերիկեան ամենաբարձր պարգեւատրումը։ Նախագահը այս մէկը հաղորդած է Ֆրանչիսկոս Պապին անոր հետ ունեցած հեռախօսազրոյցի մը ընթացքին, տրուած ըլլալով որ Անոր նախատեսուած այցը Վատիկան չեղեալ նկատուեցաւ ի տես Լոս Անճելըսը հարուածող աղէտալի հրդեհին։
Պայտընը Քահանայապետին այս պարգեւատրումը շնորհած է անոր խաղաղութեան, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան, աղքատներու եւ դիւրաբեկներու ի նպաստ յանձնառումին ինչպէս նաեւ մոլորակի պահպանման յանձնառու աշխատանքին համար։
«Ֆրանչիսկոս Պապը ժողովրդի Պապն է՝ հաւատքի, յոյսի և սիրոյ լոյս, որ կը փայլի համայն աշխարհին մէջ» գրուած է պարգեւատրումի պատճառներուն մէջ ուր ընդգծուած է Քահանայապետին նուիրումը աղքատներուն ու անոր կարողութիւնը յոյս ու սէր ներշնչելու աշխարհին։
Յայտնենք` որ մետալը յանձնուեցաւ Միացեալ Նահանգներու մօտ առաքելական Նուիրակ Գերապ. Քրիստոֆ Փիերին որ ապա զայն պիտի փոխանցէ Ֆրանչիսկոս Պապին։ Այս երկրորդ անգամն է` որ Քահանայապետ մը կ՛արժանանայ այս մէտալին, առաջինը եղած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ 2004 թուականին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ