Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձանը Վատիկանի մէջ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձանը Վատիկանի մէջ 

Ֆրանչիսկոս Պապին հրամանով Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի տօնը պիտի յիշատակէ 27 Փետրուարին։

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին Եկեղեցւոյ Վարդապետի պաշտօնական հռչակումը տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ 12 ապրիլ 2015-ին «Սուրբ Պետրոս»ի տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին մատուցած պատմական սուրբ պատարագի ընթացքին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Աստուածային Պաշտամունքի եւ Խորհուրդներու  մատակարարման ժողովի՝  2 փետրուար 2021-ին հրապարակած մէկ հրամանագիրով կը հաստատուի, թէ Ֆրանչիսկոս Պապը հրահանգած է վերջին տարիներուն  «Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վարդապետի» տիտղոսի արժանացող երեք սուրբեր, Ավիլայի Սուրբ Յովհաննէսը, Պինկէնի Սրբուհի Իլտեկարտը եւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին արձանագրուին Լատին Եկեղեցւոյ ծիսական օրացույցին մէջ։

Այսպէսով որոշում կայացած է Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի տօնը յիշատակել ամէն տարուայ 27 փետրուարին, մինչ Ավիլայի Սուրբ Յովհաննէսը՝ 10 Մայիսին եւ Պինկէնի Սրբուհի Իլտեկարտը 17 սեպտեմբերին։

Սուրբ Պօղոսի դարձի տօնի  օր՝ 25 Յունուար թուակիր հրամանագիրը կը հաստատէ, թէ վերոնշեալ սուրբերու յիշատակի օրերը պիտի արձանագրուին բոլոր տօնացոյցերուն, ծիսական գիրքերուն ու ժամասացութեան աղօթագիրքերուն մէջ։

 Հրամանագիրը ստորագրուած է Աստուածային Պաշտամունքի եւ Խորհուրդներու  մատակարարման ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Ռոպէր Սարայի եւ Ժողովի քարտուղարին կողմէ։

 

Աստուածային իմաստութեան աշակերտներ

«Սրբութիւնը լծորդուած է ճանաչողութեան, որ փորձառութիւն մըն է Յիսուս Քրիստոսի  Խորհուրդին, որ անլուծանելի կերպով կապուած է Եկեղեցւոյ Խորհուրդին։ Սրբութեան եւ աստուածային ու մարդկային իմացականութեան միջեւ այս կապը առանձնայատուկ կերպով կը ցոլայ անոնց մէջ, որոնք զարդարուեցան «Եկեղեցւոյ Վարդապետի» տիտղոսով։ Արդարեւ, իմաստութիւնը, որ կը յատկանշէ այս մարդիկն ու կիները չի հայիր միայն անոնց, որովհետեւ անոնք Աստուածային Իմաստութեան աշակերտ դառնալով իրենց կարգին դարձան իմաստութեան վարդապետներ՝ համայն եկեղեցւոյ հասարակութեան համար։ Այս լոյսին ներքոյ «Վարդապետ» սուրբերն ու սրբուհիները մաս կը կազմեն Հռոմէական Օրացոյցին» գրուած է միշտ վերոնշեալ հրամանագիրին մէջ։

Նարեկացին Եկեղեցւոյ Վարդապետ 2015-ին

Յայտնենք թէ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին  Եկեղեցւոյ Վարդապետ պաշտօնական հռչակումը  տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ, 12 ապրիլ 2015-ին «Սուրբ Պետրոս»ի տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին մատուցած պատմական սուրբ պատարագի ընթացքին։

Ապա 2018 ապրիլի 5-ին, միշտ Քահանայապետի կամքով, Վատիկանի այգիներուն մէջ զետղուեցաւ Հայոց Մեծ Սուրբին արձանը, որուն բացման արարողութիւնը նախագահեց նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապը։ 

Նարեկացիի արձանի բացման արարողութիւն
Նարեկացիի արձանի բացման արարողութիւն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/02/2021, 11:54