Ասիզիի մէջ երեք օր՝ նուիրուած երկխօսութեան և հանդիպումին
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Սեպտեմբերի 2-էն 4-ը Ասսիզիի մէջ տեղի կ’ունենայ «Յաւերժութիւն և ներկայ ժամանակը» բնաբանով «Ֆրանչիսկոսի Գաւիթ» միջոցառումը՝ նուիրուած երկխօսութեան և հանդիպման:
Թիւով այս ութերորդ միջոցառումի առիթով նախատեսուած են 30 հանդիպումներ, զբօսարշաւներ, երաժշտական միջոցառումներ, գեղարուեստական ներկայացումներ և ստեղծագործական աշխատանքներ` փոքրիկներու համար։
«San Francesco» ամսագիրի տնօրէն եղբայր Ռիքարտօ Ճիակոնիի խօսքերով տարբեր հանդիպումներու ատեն անդրադարձ կը կատարուի «մեր ժամանակի խնդրայարոյց ոլորտներուն»՝ նոր հակամարտութիւններ, էներգետիկ ճգնաժամ, բնապահպանական արտակարգ իրավիճակներ, աշխատանք: Նպատակն է արձագանքել մարդոց հետզհետէ աճող մտահոգութեանը, ցանկութիւնը՝ ունենալ լայն հորիզոններ և յաղթահարել ներկայ ժամանակը:
Եղբայր Ռիքարտօն նշած է բացի այդ, որ ծրագրի հիմքին մէջ կայ նաև հոգևոր տարրը, որ սակայն իրականութենէ չի շեղիր. «Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացին կը շարունակէ խօսիլ իւրաքանչիւր մարդու սրտին, ոչ միայն հոգի, յոյս, հաւատ և վստահութիւն տալով, այլ նաև օգնելով իւրաքանչիւրին ներգրաւուիլ առարկայական, ճշմարիտ և իրական պայքարներու մէջ»:
Սեպտեմբեր 24-ին Ասսիզիի սպասուած Ֆրանչիսկոս Պապին մշտական յիշեցումներուն շնորհիւ, առանցքային թեմաներն են՝ խաղաղութիւնը, արարչութեան հետ ներդաշնակութիւնը և, առաջին հերթին, հակամարտութիւնները յաղթահարելու նպատակով երկխօսութիւնը և յարաբերութիւններու մէջ հոգատարութիւնը՝ ինչպէս միջազգային գետնի վրայ, այնպէս ալ ընտանիքներէն ներս։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ