Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի բացման 60 ամեակին առիթով
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
11 հոկտեմբեր 1962-ին Վատիկանի մէջ բացումը կը կատարուէր Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովին, որ համարուած է Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ 21րդ համամիութենական ժողովը, որուն գումարումը կատարուած էր Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետի կամքով` 25 Յունուար 1959-ին, Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբթուայ աւարտին։
Անոր մասնակցեցան աշխարհի տարբեր վայրերէն Հռոմ ժամանած 2500է աւելի կաթողիկէ կարդինալներ, պատրիարքներ եւ եպիսկոպոսներ, որոնց շարքին էին նաեւ Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներ, գլխաւորութեամբ երջանկայիշատակ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեանին, որուն սրբադասման դատի թեմական փուլը սկիզբ պիտի առնէ յառաջիկայ 28 Հոկտեմբերին, Հռոմի Լատերանի Համալսարանին մէջ կայացած յատուկ մէկ արարողութեամբ, զոր պիտի գլխաւորէ Հռոմի Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Անճելօ Տէ Տոնաթիսը նախագահութեամբ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս Պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-ի։
Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովը համարուած է տիեզերական ժողովներու պատմութեան մէջ այն ժողովը` որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին տարբեր լեզուներու, դաւանանքներու եւ ցեղերու պատկան ամենամեծ թիւով ներկայացուցիչներ, նաեւ ոչ կաթողիկէ։
Ժողովը բաժնուած էր չորս նստաշրջաններու եւ սկիզբ առած էր 1962 հոկտեմբերին, սակայն յաջորդ տարուայ Յունիսի երեքին ան ընդհատուեցաւ Յովհաննէս ԻԳ մահուան պատճառաւ եւ միւս երեք նստաշրջանները գումարուեցան Անոր յաջորդ Պօղոս Զ քահանայապետի կողմէ ու աւարտեցան 8 դեկտեմբեր 1965ին` Անարատ Յղութեան ծիսական տօնին օրը։
Նոր Քահանայապետն է` որ Կարդինալ Աղաճանեանը նշանակեց Ժողովի Ղեկավար Յանձնախումբի անդամ` Կարդինալ Սուենէնսի, Տոփֆների եւ Լէրքարոյի հետ միասին։
Այս մասին կը կարդանք Հայ Կաթողիկէ պատրիարքութեան պարբերաթերթ «Մասիս»-ին մէջ լոյս տեսած տեղեկատւութեան մը մէջ։
«Վատիկանեան Բ. կոչուած Տիեզերական ԻԱ. ժողովին շատ պատուաբեր կերպով կը մասնակցի հայ ազգը:
Հաւատոյ տարածման Ս. ժողովի 750 եպիսկոպոսները եւ վիճակաւորները կը գլխաւորէ հայազգի կարդինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեան:
Հայ կաթողիկէ նուիրապետութիւնը ներկայ է, գրեթէ լրիւ, Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան` կաթողիկոս-պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ, Պօղոս արք. Քիրեճեան (Կ. Պոլսոյ), Ներսէս արք. Թայրոյեան (Պաղտատի), Գէորգ արք. Լայէքեան (Հալէպի), Կիւրեղ եպս. Զոհրապեան (ատենօք` Ճեզիրէի), Մկրտիչ եպս. Աբգարեան (Իրանի), Յովսէփ եպս. Ճեննանճեան (Ճեզիրէի), Ռաֆայէլ եպս. Պայեան (Աղեքսանդրիոյ), Կարապետ եպս. Ամատունի (Ֆրանսայի), Սրապիոն եպս. Ուլուհոճեան (աբբահայր Վենետիկի):
Հիւանդութեամբ ներկայիս արգիլուած են, բայց առաջին առիթին պիտի մասնակցին Սահակ եպս. Կոգեան եւ Մեսրոպ Հապոզեան վիեննական աբբահայրը»:
Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովի բացման առիթով, Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի ընդհանուր Քարտուղարութիւնը հրապարակած է պատգամ մը, որուն մէջ ընդգծած է Տիեզերական այդ ժողովին կարեւորութիւնը ու անոր Եկեղեցւոյ թողած մեծ ժառանգոյթինը, որուն ուղիին վրայ կ՛ընթանայ նաեւ սիւնհոդոսականութեան մասին երեք հանգրուաններով գումարուած Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսը, որ նուիրուած է «Եկեղեցւոյ կեանքին եւ առաքելութեան մէջ սիւնհոդոսականութեան», գրուած է Սիւնհոդոսի քարտուղարութեան հրապարակած պատգամին մէջ, ուր նաեւ հաստատուած թէ «2021-2023 սիւնհոդոսին «Մանիա Քարթան» Տիեզերական Ժողովի Եկեղեցւոյ մասին Վարդապետութիւնն է, ու յատկապէս Աստուծոյ Ժողովրդին աստուածաբանութիւնը»։
«Եկեղեցին զոր կոչուած ենք երազել եւ կառուցել կիներու ու այր մարդոց հասարակութիւն մըն է, որոնք հաղորդութեան մէջ են, միակ հաւատքի միջոցաւ, միասնական մկրտութեամբ եւ միասնական հաղորդութեամբ, Աստուած Երրորդութիւն պատկերին համաձայն. Մարդիկ եւ կիներ, որոնք միասին, ընդունած կարգերու եւ խարիզմներու տարբերութեան մէջ, գործնական կերպով կը մասնակցին Աստուծոյ Թագաւորութեան կառուցումին, միսիոներական այն անհանգստութեամբ` բոլորին տանելու, աշխարհի միակ Փրկիչ` Քրիստոսի ուրախ վկայութիւնը», կը կարդանք միշտ Սիւնհոդոսի Քարտուղարութեան հրապարակած պատգամին մէջ, որուն աւարտին կը շեշտուի թէ «սիւնհոդոսական չափանիշը նոյնինքն Եկեղեցւոյ բաղկացուցիչ տարրն է». «Ուղեւորութիւն է` որ Աստուած կ՛ակնկալէ երրորդ հազարամեայի Եկեղեցիէն» ինչպէս հաստատած էր Ֆրանչիսկոս Պապը 17 հոկտեմբեր 2015-ին Սիւնհոդոսի հաստատումին 50 ամեակին առիթով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ