Գերապայծառ Ռիչարտ Փոլ Կալլակեր Գերապայծառ Ռիչարտ Փոլ Կալլակեր 

Գերապայծառ Կալլակեր. «Համաշխարհային խաղաղութիւնը վտանգուած է մարդու անարժէք պատերազմի հետեւանքով։»

Սուրբ Աթոռի պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութեան քարտուղար Գերապայծառ Ռիչարտ Փոլ Կալլակեր, Սուրբ Աթոռի մօտ, Քորէայի դեսպանատան մէջ, Քորէայի հանրապետութեան ազգային տօնին առթիւ կազմակերպուած արարողութեան ընթացքին արտասանած ելոյթը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Այսօր հրատապ կը նկատուի խթանել խաղաղութեան իսկական մշակոյթ մը, հիմնուած միջազգային իրաւունքի համապատասխանող երկխօսութեան զարգացումին վրայ, կարող ապահովուելու ժողովուրդներու միջեւ խաղաղ համակեցութիւնը»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Սուրբ Աթոռի պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար, Գերապայծառ Ռիչարտ Փոլ Կալլակեր, Սուրբ Աթոռի մօտ, Քորէայի դեսպանատան մէջ, Քորէայի հանրապետութեան ազգային տօնին առթիւ կազմակերպուած արարողութեան ընթացքին արտասանած ելոյթին մէջ։

Գերապայծառ Կալլակեր հաշուի առնելով աշխարհաքաղաքական ներկայ իրավիճակը, ուր լրջօրէն վտանգուած է աշխարհի խաղաղութիւնը ընդգծեց, թէ պատերազմը պէտք է համարուի «միջազգային հակամարտութիւններուն կարգաւորման ամբողջական ոչ պիտանի միջոց, քանի որ անիկա անարժանի է մարդկային անձին եւ անոր խաղաղութեան բնական կոչումին»։

Գերապայծառը Փոլ Կալլակեր յիշեց Ֆրանչիսկոս Պապին անցեալ 14 սեպտեմբերին,Ղազախստանի մէջ կրօնապետերուն համագումարին ընթացքին արտասանած խօսքը, «խաղաղութիւնը կը բխի եղբայրութենէ եւ կ՝աճի անարդարութիւններու եւ անհաւասարութիւններու դէմ պայքարելէն ու կը կառուցուի ուրիշներուն ձեռքը բռնելով»։

Սուրբ Աթոռի պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար Գերապայծառ Ռիչարտ Փոլ Կալլակեր վերահաստատեց Սուրբ Աթոռի յանձնառութիւնը՝ համագործակցութեամբ Քորէային հանրապետութեան, հասնելու մշտական խաղաղութեան եւ իսկական համերաշխութեան, ըլլայ Քորէայի, ըլլայ համայն աշխարհին մէջ։

Գերապայծառ Կալլակեր ապա երախտագիտութեամբ անդրադարձաւ Քորէայի պետութեան, Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նկատմամբ ունեցած յարգանքն ու եկեղեցւոյ սատարած նպաստը՝ Քորէայի ընկերութենէն ներս, յատուկէն կրթական եւ ընկերային մարզերէն ներս։

«Ֆրանչիսկոս Պապ յատուկ հետաքրքրութիւն ու գորով ունի Քորէայի ժողովուրդին հանդէպ ու մեծ փափաք ունի այցելելու Հիւսիսային կողմերը, իշխանութիւններուն կողմէ պաշտօնական հրաւէր ստանալէ ետք»։Ըսաւ Գերապայծառ Ռիչարտ Փոլ Կալլակեր։

 

.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/10/2022, 12:25