Ֆաթիմայի մէջ ԵՀՀ նախապատրաստական հանդիպում. «Կամուրջներ կառուցենք»։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լիզպոնի «Պօղոս Զ» անուան հովուական ծառայութեան կեդրոնէն ներս, 17 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ, 2023 թուականին Լիզպոնի մէջ կայանալիք ԵՀՀ նախապատրաստական հանդիպումը, մասնակցութեամբ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերուն, համայն աշխարհէն երիտասարդներու հովուական ծառայութեան, եկեղեցական շարժումներու եւ ժողովներուն ներկայացուցիչներ, գրեթէ 300 հոգի։
17էն-19 հոկտեմբերին երկարող օրերուն, նախապատրաստական հանդիպումին բացման արարողութեան ընթացքին Երիտասարդներուն, ընտանիքի եւ կեանքի վերատեսչութեան վերատեսուչ, Կարդինալ Քեվին Ֆարել այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ մաղթեց, որ յաջորդ ԵՀՀ հաւաքը բաց տեղ ըլլայ՝ ուր երիտասարդները կրնան Քրիստոսի հետ հանդիպիլ ու Անոր մէջ գտնեն իրենց կեանքի կոչումը ու ընկերութեան եւ բոլորին համար դառնայ նոր սկիզբ։
Կարդինալ Ֆարել նախապատրաստական հանդիպումը նկատեց յատուկ առիթ, երիտասարդներուն հովուական ծառայութեան ներկայացուցիչներուն դէմ առ դէմ հանդիպումի համար, Քովիտ 19 համաճարակի սահմանափակումներէն ետք։ Ան Քաջալերեց հանդիպումի մասնակիցները, իրենց երկիրներուն մէջ պատրաստելու ԵՀՀ՝ երիտասարդները դարձնելով դերակատարները։
Յայտնենք, թէ նախապատրաստական հանդիպումի նպատակն է ճանչցնել 2023 թուականին Լիզպոնի ԵՀՀ կազմակերպութիւնը, կիսելով մշակոյթն ու ինքնութիւնը այն երկրին ուր տեղի պիտի ունենայ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ յաջորդ երիտասարդներու համաշխարհային հանդիպումը։
Նշենք նաեւ, թէ ԵՀՀ նախապատրաստական միջազգային հանդիպումը տեղի կ՝ունենայ երկու փուլերով , առաջինը Հռոմի մէջ ուր կը կատարուի ԵՀՀ փակումը ու յաջորդին մեկնարկը, երկրորդը՝ ԵՀՀ հիւրընկալող երկրի մէջ իւրաքանչիւր ձեռնարկէն մէկ տարի առաջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ