Կարդինալ Փարոլին. «Կանանց առաջնորդութիւնը կը ծնի ներառական եւ որակաւոր կրթութիւնէ»։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Կազմակերպութեամբ միջազգային Քարիթասի, Փարիզի մէջ սկիզբ առաւ «Իգական սեռի ղեկավարութիւն» նիւթով համաժողով։
Տարբեր պետութիւններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ գումարուած համաժողովին ընթացքին ելոյթ ունեցողներուն շարքին եղաւ նաեւ Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին։
Ելոյթին մէջ կարդինալ Փարոլին հրաւիրելով պետութիւններու ներկայացուցիչները միշտ նկատի առնելու միլիոնաւոր կանանց եւ երիտասարդուհիներուն ցաւալի եւ բարդ իրավիճակը, շեշտը դրաւ կրթական ներառումի առաքելութեան վրայ ընդգծելով, որ այդ ներառումը պէտք է տրամադրելի ըլլայ փոխկապակցելու հասարակութեան բոլոր բաղադրիչները, պարգեւելու համար մարդկային հասունացման պատասխանատուուղիներ, որոնք կը համապատասխանեն կանանց արժանապատուութեան։
Կարդինալ Փարոլին ապա ներառական կրթութիւնը նմանեցնելով որակաւոր կրթութեան, ուր չկապուիր կրթութեան գերազանց մակարդակը ընկերութեան հեղինակութեան հետ, այլ ի վիճակի կը դառնայ տրամադրել քննադատական մտածողութիւն՝ ունակ գնահատելու զարգացումի, արտադրութեան, եւ սպառման տիպարները։
Կարդինաթ Փարոլին ուղերձին մէջ ընգծեց կանացիութեան արժէքները որպէս պարգեւ մարդկութեան. «կանայք ի վիճակի են իրականութիւնը հասկնալու իւրօրինակ ձեւով. Իմանալով ինչպէս դիմադրել դժբախտութեան, կեանքը հնարաւոր կը դարձնեն նոյնիսկ ծայրայեղ իրավիճակներուն մէջ յամառօրէն կառչած մնալով ապագային»։ ըսաւ կարդինալ Փարոլին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ