Անօթեւան մարդիկը խորհրդանշող «Sheltering» քանդակը Անօթեւան մարդիկը խորհրդանշող «Sheltering» քանդակը 

Աղքատներու համաշխարհային օր. Քահանայապետը օրհնեց անօթևաններուն հոգ տանելու հրաւէր ուղղող քանդակ մը։

Օրուան նշումը եւ Օրուան հետ առնչուող ձեռնարկներու կազմակերպութիւնը յանձնուած է Աւետարանութեան Վերատեսչութեան որ այս տարի եւս Վատիկանի մէջ նախաձեռնած է զանազան միջոցառումներ որոնց շարքին, կիրակի օր, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ Քահանայապետին մատուցած պատարագէն ետքը` Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ պատրաստուած ճաշկերոյթը, որուն հիւրերը կը հանդիսանան 1300 աղքատներ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 13 նոյեմբերին կը նշուի Աղքատներու համաշխարհային 6րդ օրը, որուն նպատկն է եկեղեցական հասարակութեան ուշադրութեան կիզակէտ դարձնել դժուարութեան մէջ ապրող մարդիկը։ Օրը առաջարկուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ եւ առաջին անգամ յիշատակուեցաւ 2017 թուականին։ Օրուան առիթով Սրբազան Պապը Սուրբ Պետրոս Պազիլիքյաին մէջ պիտի մատուցէ Սուրբ պատարագ։ Իսկ այսօր` 9 նոյեմբերին, Ան հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութենէն առաջ օրհնեց «Sheltering» կոչուող պրոնզէ քանդակ մը, որ կը պատկերացնէ անօթեւաններուն ապրած պայամնները եւ հրաւէր կ՛ուզէ ուղղել անոնց հոգ տանեու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛ օրհնէ քանդակը
Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛ օրհնէ քանդակը

Քանդակը

Քանդակը որ գործն է քանատացի Timothy Schmalz արուեստագէտին,ցոյց կու տայ անօթևան մարդու մը կերպարը, որ պատսպարուած է վերմակի մը տակ, զոր թռչող աղաւնի մը կը փորձէ քաշել: Քանդակը ներկայացուեցաւ Աղքատներու 6-րդ համաշխարհային օրուան նշումէն մի քանի օր առաջ։

Յայտնենք թէ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ 2019ին զետեղուած եւ գաղթականութեան խորհրդանիշը հանդիսացող «Angels Unawares» քանդակը եւս գործն է նոյն վերոնշեալ արուեստագէտին

«Sheltering»-ը մտայղացուած է ամբողջ աշխարհի մէջ անօթևանութեան խնդիրի վրայ ուշադրութիւն դարձնելու և գործնական լուծումներ խրախուսելու համար՝ համահունչ «13 տուներու քարոզարշաւի» առաքելութեանը, որը Վինսենթեան միաբանութեան համաշխարհային ընտանիքի նախաձեռնութիւնն է:

Աղքատներու համաշխարհային օրը

Աղքատներու համաշխարհային օրուայ հիմնական նպատակն է խրախուսել եկեղեցին «դուրս գալ»ու իր պատերէն՝ հանդիպելու համար աղքատութեան, այն բազմաթիւ իմաստներով, որով ան կը դրսևորուի այսօրեայ աշխարհին մէջ: Նախաձեռնութիւնը ինչպէս նշեցինք հասած է իր վեցերորդ փուլին, և այս տարուայ համար Քահանայապետին ընտրած թեման կը բխի Պօղոս առաքեալի՝ Կորնթոսի առաջին քրիստոնեաներուն ուղղուած խօսքերէն. «Յիսուս Քրիստոսն ինզինք աղքատացուց ձեզի համար» (Կորնթ. 2, 8-9)։

Ձեռնարկներ

Օրուան նշումը եւ Օրուան հետ առնչուող ձեռնարկներու կազմակերպութիւնը յանձնուած է Աւետարանութեան Վերատեսչութեան, որ այս տարի եւս Վատիկանի մէջ նախաձեռնած է զանազան միջոցառումներ որոնց շարքին, կիրակի օր, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ Քահանայապետին մատուցած պատարագէն ետքը` Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ պատրաստուած ճաշկերոյթը, որուն հիւրերը կը հանդիսանան 1300 աղքատներ։ Բացի ասկէ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ շարժուն առողջապահական կեդրոններու մէջ ձրիաբար աղքատներուն պիտի մատուցին որոշ բժշկական խնամքներ, հուսկ 5000 ընտանիքներուն պիտի բաշխուին սննդեղէնի տուփեր եւ ի վերջոյ որոշ ընտանիքներուն պիտի տրամադրուի դրամական օգնութիւն, գազի և էլեկտրաջերմային ծառայութիւններուն վճարումներուն նպաստելու նպատակով։

Փաստօրէն, ասիկա չի նշանակեր «աղքատներու նկատմամբ բարեկեցութեան վարքագիծ ունենալ» այլ, ինչպէս ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, «պարտաւորուիլ, որպէսզի եւ ոչ մէկուն պակասի անհրաժեշտը», հաստատուած է այս օրուան առիթով Աւետարանութեան Վերատեսչութեան կողմէն հրապարակուած մէկ հաղորդագրութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2022, 09:55