Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին

Կարդինալ Փարոլին 27-րդ համաժողովին. «Ընթացքը սրբագրելու քիչ ժամանակ կայ, այս հնարաւորութիւնը պէտք չէ վատնել»։

Կարդինալ Փարոլինի ելոյթը, Կլիմայի փոփոխութեան մասին ՄԱԿ-ի 27-րդ համաժողովին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կլիմայի փոփոխութեան մասին Եգիպտոսի մէջ գումարուած ՄԱԿ-ի 27-րդ համաժողովին ընթացքին Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին իր արտասանած ուղերձին սկիզբը վերանորոգեց կոչը՝ իրականացնելու ընկերային-բնապահպանական տագնապը դիմագրաւելու համար համապարփակ մօտեցումները, ընդգծելով որ բարոյական պարտք ունինք կանխելու եւ արձագանքելու կլիմայի փոփոխութեան հետեւանքով մարդասիրական բախումները, ինչպէս տեղահանուած գաղթականներուն աճող երեւոյթը ։

Վատիկանի պետական քարտուղար, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին նկատել տուաւ որ անհրաժեշտ է օգտուիլ այս հնարաւորութենէն, լրջօրէն դիմագրաւելու համար Փարիզի համաձայնութեան չորս հիմնասիւները, մեղմացում, յարմարեցում, տնտեսութիւնը, կորուստները եւ վնասները, հիմնասիւներ, որոնք արդարութեան եւ հաւասարութեան հարց մըն է։

Սուրբ Աթոռին յանձնառութիւնը մինչեւ 2050 թուական զրոյական արտանետումներու հասնելու համար։

Կարդինալ Փարոլին յիշեց Ֆրանչիսկոս Պապին Պահրէյնի մէջ կատարած մաղթանքը, այն է որ 27-րդ համաժողովը արձանագրէ դէպի յառաջ քայլ մը, շօշափելի եւ հեռատես ընտրութիւններու, որոնք ձեռնարկուած են մտածելով ապագայ երիտասարդները, նախ քան որ անոնց ապագան վտանգուի։

Ծիրանաւոր յիշեց նաեւ այն յայտարարութիւնը որ քահանայապետը կատարած է 2020 թուականին՝ ստանձնելով Սուրբ Աթոռին յանձնառութիւնը հասնելու զուտ զրոյական արտանետումներու նպատակին մինչեւ 2050 թուականը։

Պետութիւնները թող աճեցնեն կանոնաւոր գաղթականութեան հասանելիութիւնը ճկնութիւնն ու տրամադրելիութիւնը

Կարդինալ Փարոլին յայտնեց որ բարոյական պարտքը ունինք շօշափելի գործողութիւններ կատարելու՝ կանխելու եւ արձագանքելու համար կլիմայի փոփոխութեան հետեւանքով աւելի յաճախակի եւ լուրջ մարդասիրական բախումները. տեղահանուած փախստականներու աճող երեւոյթը,

Պէտք է ըլլանք պատասխանատու, քաջ եւ հեռատես

Ան ապա անդրադառնալով Քովիտ 19 համաճարակին եւ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող պատերազմներուն, զգուշացուց, որ այդ հարցերը վտանգի տակ կը դնեն ու կը խաթարեն համաշխարհային անվտանգութիւնը, կը սրեն պարենային անապահովութիւնը, կը խաթարեն բազմակողմնութիւնը, նոյնիսկ շուքի տակ կը դնեն Շարմ էլ Շէյխի մէջ կատարուած մեր ջանքերը։ Ծիրանաւորը խրախուսեց պատասխանատու, քաջ եւ հեռատես դառնալու ոչ միայն մեր անձերուն համար այլեւ մեր զաւակներու համար։

Ջուրի անվտանգութեան հարցը

Անդրանալով ջուրին անվտանգութեան հարցին, Կարդինալ Փարոլին կեդրոնացաւ այն իրողութեան վրայ, որ կլիմային փոփոխութիւնը վտանգի մէջ կը դնէ ջուրի համաշխարհային շրջանները։ Ան դիտել տուաւ, որ ջրային անվտանգութիւնը կարող է էական դեր խաղալ կլիմայական քաղաքականութեան մէջ ու ներառուած ըլլայ ազգային կլիմային ռազմավարութիւններուն մէջ

«Ջուրի կառավարման մէջ փոփոխութիւններու կարիքը կայ, ներառեալ ջրային աղբիւրներուն արդար օգտագործումը ինչպէս նաեւ սնունդի համակարգերու համար ջուրի աւելի խելացի բաշխումը։ Շտապ անհրաժեշտութիւնը կայ ընդհանուր նոր մօտեցումներու եւ վերանորոգուած ջանքերու» ըսաւ Վատիկանի Պետական քարտուղարը ելոյթի աւարտին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2022, 09:36