Եպիսկոպոսներու սինոդի ժողովի մասնակիցները Եպիսկոպոսներու սինոդի ժողովի մասնակիցները 

Կարդինալ Հոլլերիխ. «Ոչ եկեղեցւոյ մէջ քաղաքականացումին»։

Վերջ գտաւ Հռոմի սինոդի քարտուղարութեան գրասենեակներուն մէջ գումարուած եպիսկոպոսներու սինոդի ցամաքամասային ժողովներուն նախագահներուն եւ համակարգիչներուն միջեւ երկօրեայ հանդիպումը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 29 նոյեմբերին, վերջ գտաւ Հռոմի սինոդի քարտուղարութեան գրասենեակներուն մէջ գումարուած եպիսկոպոսներու սինոդի ցամաքամասային ժողովներուն նախագահներուն եւ համակարգողներուն միջեւ երկօրեայ հանդիպումը, որուն աւարտին ժողովականները հանդիպեցան Ֆրանչիսկոս Պապին հետ ու ներկայացուցին տեղական եկեղեցիներու մէջ խորհրդակացական փուլին արդիւնքները, պտուղները, առաջարկներն ու խնդրանքները, բխած խորհրդակցական փուլի ընթացքին, կատարուած Աստուծոյ ժողովուրդի հետ երկխօսութեան եւ ունկնդրութեան երեւոյթի տակ։

Սինոդի ընդհանուր քարտուղար կարդինալ Մարիօ Կրէք, անդրադառնալով ժողովին մասին յայտնեց, որ երկօրեայ ժողովին կարեւոր նիւթերէն մէկը հանդիսացաւ ցամաքամասաին փաստաթուղթը ու տեղի ունեցած հանդիպումէն ի յայտ եկաւ եկեղեցւոյ կենսունակութիւնը։

Կարդինալ Կրէք իր երախտագիտութիւնը ու ուրախութիւնը յայտնեց ժողովին համար, որովհետեւ ժողովին ընթացքին լսած է կենդանի եկեղեցւոյ վկայութիւնն ու երկխօսութիւնը, որ նշան թէ ուղեւորութիւնը ընթացքի մէջ է եւ կան շատ բաներ սորվելիք ուրիշներէն։ «Մեծ յոյս ունիմ մեր պարտականութեան համար, որ է աւետարանումը, Յիսսուի քրիստոսին բարի լուրը աւետել։ ըսաւ կարդինալ Կրէք։

Ոչ եկեղեցւոյ մէջ եւ եկեղեցւոյ քաղաքականացումին

Սինոնի ընդհանուր զեկուցող, կարդինալ Ժան Քլոտ Հոլերիխ, Ֆրանչիսկոս Պապին հետ հանդպումին սկիզբը արտասանած ողջոյնի խօսքին սկիզբը յայտնեց, թէ կան լարուածութիւններ որոնք տարբեր են փորձութիւններէն ։ Առաջինը՝ յառաջ կու գայ մամուլէն, եկեղեցւոյ մէջ քաղաքականացման փորձութիւնն է, որ կը համապատասխանէ եկեղեցւոյ մասին քաղաքականութեան տրամաբանութեամբ ապրելու եւ մտածելու։

Կարդինալ Հոլլերիխ նկատել տուաւ, որ եպիսկոպոսներու սինոդի ցամաքամասային փուլով սկիզբ կ՝առնէ առաքելական զատորոշումը ու կ՝ապրուի եպիսկոպոսներու սինոդի տիեզերական ծաւալը դիտել տալով, որ տարբեր եկեղեցիները պէտք չեն կղզիացած ապրիլ իրենց ուղեւորութեան մէջ եւ ցամաքամասային ժողովներուն երկխօսութիւնը օգուտ պիտի բերէ բոլոր ցամաքամասերուն եկեղեցիներուն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/11/2022, 10:22