BENEDETTO XVI PHOTOGALLERY

Պենետիկտոս ԺԶի հոգևոր կտակը. Ամուր մնացէք հաւատքի մէջ

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց Ժոզէֆ Ռացինկերի կողմէ 29 օգոստոս 2006ին շարադրուած հոգեւոր կտակ
Ունկնդրէ լուրը

Եթէ կեանքիս այս մայրամուտին յետադարձ ակնարկ նետեմ անցած տասնամեակներուն վրայ, առաջին հերթին կը տեսնեմ, թէ որքան շատ պատճառներ ունիմ շնորհակալ ըլլալու: Ամենէն առաջ շնորհակալ եմ Աստուծոյ՝ ամէն մէկ բարի պարգեւ բաշխողին, որ ինծի կեանք պարգեւեց և առաջնորդեց շփոթութեան տարբեր պահերուն մէջ. միշտ զիս բարձրացնելով մինչ սայթաքելու եզրին էի և միշտ ու դարձեալ ընծայելով Իր դէմքին լոյսը: Յետահայեացք նետելով, ես կը տեսնեմ և կը հասկնամ, որ այս նոյնիսկ մութ ու յոգնեցուցիչ այս ճամբուն հատուածները, եղան իմ փրկութեանս համար, և որ ճիշտ անոնց մէջ է որ Ան զիս լաւապէս առաջնորդեց:

Շնորհակալ եմ ծնողքիս, որոնք ինծի կեանքը պարգեւեցին, դժուարին ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, և որոնք մեծ զոհողութիւններու գնով իրենց սիրով պատրաստեցին ինծի համար հրաշալի օթեւան մը, որ պայծառ լոյսի պէս կը լուսաւորէ իմ բոլոր օրերս մինչեւ այսօր։ Հօրս աչալուրջ հաւատքը մեզի՝ զաւակներուս, սորվեցուց հաւատալ, և որպէս ուղեցոյց ան միշտ ամուր եղաւ իմ բոլոր գիտական ձեռքբերումներուն մէջ: Մօրս խորին նուիրուածութիւնն ու մեծ բարութիւնը ժառանգութիւն մըն է, որուն համար երբեք չեմ կրնար բաւականաչափ շնորհակալ ըլլալ:

Քոյրս տասնամեակներ շարունակ անձուրաց և սիրալիր հոգատարութեամբ օգնեց ինծի: Եղբայրս, իր դատողութիւններու ուշիմութեամբ, իր եռանդուն վճռականութեամբ և սրտի հանգստութեամբ միշտ ճանապարհ հարթեց ինծի համար. առանց անոր առաջնորդութեան և ուղեկցութեան պիտի չկարենայի գտնել ճշմարիտ ուղին։

Ի սրտէ շնորհակալ եմ Աստուծոյ բազմաթիւ ընկերներուս համար՝ տղամարդիկ ու կանայք, զոր Ան միշտ իմ քովս դրաւ; համագործակիցներուս համար ուղեւորութեանս բոլոր փուլերու ընթացքին; ուսուցիչներուս և աշակերտներուս համար, զոր Ան ինծի տուաւ: Բոլորը, երախտապարտօրէն, կը վստահիմ Անոր բարութեան: Եւ կ’ուզեմ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել Տիրոջ՝ Պավարիոյ ալպեան նախալեռներու մէջ գտնուող գեղեցիկ հայրենիքիս համար, ուր ես միշտ տեսայ նոյնինքն Արարիչի շքեղութեան թափանցումը: Շնորհակալ եմ հայրենիքիս ժողովուրդը, քանի` որ անոնց մէջ միշտ կրցայ կրկին փորձարկել հաւատքին գեղեցկութիւնը։ Կ’աղօթեմ, որպէսզի մեր երկիրը մնայ հաւատքի երկիր և կը խնդրեմ ձեզմէ, սիրելի հայրենակիցներ. թոյլ մի՛ տաք հաւատքէն շեղիլ: Եւ վերջապէս շնորհակալ եմ Աստուծոյ այն գեղեցկութեան համար, որ կրցայ ապրիլ իմ ուղեւորութեանս բոլոր փուլերու ընթացքին, յատկապէս Հռոմի և Իտալիոյ մէջ, որ իմ երկրորդ հայրենիքս դարձաւ։

Բոլոր անոնց, որոնց հանդէպ որևէ կերպ սխալ վերաբերմունք ունեցայ, անկեղծօրէն ներողութիւն կը խնդրեմ։

Այն, ինչ ըսի վերեւ իմ հայրենակիցներուս, այժմ կ’ըսեմ բոլոր անոնց, որոնք Եկեղեցւոյ մէջ վստահուած են իմ ծառայութեանս. ամու՛ր մնացէք հաւատքի մէջ։ Շփոթութեան մէջ մի՛ իյնաք: Յաճախ կը թուայ, թէ գիտութիւնը, բնական գիտութիւնները՝ մէկ կողմէ, և պատմական հետազօտութիւնները (մասնաւորապէս Սուրբ Գիրերու մեկնութիւնը)՝ միւս կողմէ, ի վիճակի են կաթողիկէ հաւատքին հակասող անհերքելի արդիւնքներու յանգեցնել: Բնական գիտութիւններու կերպափոխութիւնները ապրած եմ երկար տարիներէ ի վեր և կրցած եմ ականատեսը ըլլալ, թէ ինչպէս հաւատքի դէմ թուացեալ որոշակիութիւնները, ընդհակառակը, անհետացած են՝ ապացուցելով իսկ ոչ թէ գիտութիւն, այլեւ՝ իրենց փիլիսոփայական մեկնաբանութիւններ ըլլալը, որոնք միայն թուացեալ կերպով գիտութեան կ’առնչուին. այնպէս ինչպէս, միւս կողմէ, բնական գիտութիւններուն հետ երկխօսութեան մէջ է, որ հաւատքը սորվեցաւ աւելի լաւ հասկնալ սեփական համոզմունքներու կշիռքի չափը, հետևաբար անոր մասնայատկութիւնը:

Արդէն վաթսուն տարի է կ’ուղեկցիմ աստուածաբանութեան, յատկապէս աստուածաշնչական գիտութիւններու ուղիին, և տարբեր սերունդներու յաջորդականութեամբ տեսած եմ անսասան թուացող տեսութիւններու փլուզումը, որ կ’ապացուցեն իրենց պարզապէս վարկածներ ըլլալը. ազատամիտ սերունդը (Harnack, Jülicher և այլն), գոյապաշտական սերունդը (Bultmann և այլն) մարքսիստական սերունդը։ Տեսած եմ և կը շարունակեմ տեսնել, թէ ինչպէս հաւատքի ողջամտութիւնը դուրս ելած է և կրկին դուրս կ’ելլէ վարկածներու թնճուկէն: Յիսուս Քրիստոսը իսկապէս ուղին է, ճշմարտութիւնն է և կեանքը, և Եկեղեցին` իր բոլոր անբաւարարութիւններով, իսկապէս Անոր մարմինն է:

Ի վերջոյ, ես խոնարհաբար կը խնդրեմ. աղօթեցէք ինծի համար, որպէսզի Տէրը, չնայած իմ բոլոր մեղքերուս և թերութիւններուս, ընդունի զիս յաւիտենական օթեւաններու մէջ: Բոլոր անոնց, որոնք ինծի վստահուած են ինծի, ամէն օր կը հնչեցնեմ իմ սրտաբուխ աղօթքս։

Պենետիկտոս ԺԶ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/01/2023, 09:00