Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ 

Լուրտի մէջ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հանդիպումը լրատուամիջոցներու աւելի քան 200 ներկայացուցիչներուն հետ

Լուրտի մէջ կարդինալ Փարոլինի ներկայութեամո Jacques Hamelի մրցանակի շնորհում

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Սուրբ ֆրանչիսկոս Տի Սալեսի տօնին առիթով, կազմակերպութեամբ Ֆրանսայի կաթողիկէ Լրատուամիջոցներու դաշնութեան, Լուրտի մէջ Jacques Hamel ի մրցանակը շնորհեց Le Pèlerin" շաբաթաթերթի լրագրող Քրիսթոֆ Շալանտին, Մալիի մէջ ահաբեկիչներուն կողմէ պատանդ առնուած Հայր Փիեր Լուիճի Մաքալլիի հետ ունեցած յարաբերութեան համար։

Մրցանակի բաշխումի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ հայր Ժաք Համելի քրոջ՝ տիկին Ռոզելինի Համելի ներկայութեամբ։

Յայտնենք, թէ Ժաք Համելի մրցանակը հիմնուած է անցեալ 26 յուլիսին 2016ին, սուրբ պատարագի աւարտին ահաբեկչական արարքով Հայր Ժաք Համելի սպանութենէն ետք։

Հայր Ժաք համելի մրցանակի բաշխումէն առաջ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, հանդիպում ունեցաւ աշխարհի տարբեր երկիրներէն ժամանած աւելի քան 200 լրատուամիջոցներուն ներկայացուցիչներուն հետ։

Հանդիպումի ընթացքին Վատիկանի պետական քարտուղարը անդրադառնալով ժամանակից աշխարհի քաղաքական կացութեան՝ բնորոշուած պատերազմներով, զրուցեց Ուքրանիոյ պատերազմին մասին նշելովյ որ հասած է ժամանակը ուր «կ՝անտեսենք մեզ հասնող եւ չհասնող լուրերը, օրական հարիւրաւոր մահացու յարձակումներուն ու հրթիռներու պատճառաւ։ Կարդինալ Փարոլին ապա յարեց թէ ֆրանչիսկոս Պապ իր քահանայապետութեան շրջանին սկիզբը յիշեց եւ ճշգրիտ ցուցմունք տուաւ, խաղաղութիւն կերտելու համար կրթութեան ու երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը։

Սուրբ Աթոռը միջազգային գետնի վրայ կ՝աշխատի, ոչ թէ երաշխաւորելու համար որեւէ տեսակի խաղաղութիւն, որ կ՝ընկալուի միայն որպէս պատերազմի բացակայութիւն, այլ աջակցելու խաղաղութեան գաղափարի մը, որպէս յարաբերութեան պտուղներ, որպէս յարգանք միջազգային օրէնքներուն, պաշտպանութիւն մարդկային հիմնական իրաւունքներուն, սկսեալ յաւելեա խոցելիներէն եւ աղքատներէն։ Ըսաւ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2023, 10:21