2021.06.24 "Dentro il Vaticano"

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ «Praedicate Evangelium» ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ՆՈՐ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈԽԵՑ ԳԵՐԱՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՆՈՒՆՆԵՐԸ

Սահմանադրութեան համաձայն Սուրբ Աթոռի բոլոր պաշտօնական կառոյցները այսուհետ կը կրեն «Տիքասթեր»՝ «Վերատեսչութիւն» անունը, իսկ անոնց ղեկավարները՝ «վերատեսուչ» տիտղոսը:

Ռատիօ Վատիկան - Վատիկան Նիուզ 

Կիրակի 5 Յունիսի 2022ին ուժի մէջ մտաւ «Praedicate Evangelium – Հռչակել Աւետարանը» Առաքելական նոր Սահմանադրութիւնը։

Սահմանադրութեան համաձայն Սուրբ Աթոռի բոլոր պաշտօնական կառոյցները այսուհետ կը կրեն «Տիքասթեր»՝ «Վերատեսչութիւն» անունը, իսկ անոնց ղեկավարները՝ «վերատեսուչ» տիտղոսը:

Ուստի մինչեւ օրս մեր հրապարակած Սուրբ Աթոռի գերատեսչութիւններու վերաբերող ու անոնց պատմութիւնը, նպատակն ու գործունէութիւնը պատմող յօդուածները պէտք է նկատել իրենց նոր անուններով։

Անոնք որ առաջ որպէս «Ժողով» կամ «խորհուրդ» ներկայացուած էին այժմ կը կրեն «Վերատեսչութիւն» անունը եւ անոնց Ղեկավարները որոնք որպէս «Կառավարիչ» կամ «Նախագահ» ներկայացուած էին այժմ կը դառնան «Վերատեսուչ»։ Նախկին կառոյցներուն աւելացան նոր կառոյցներ, որոնք իրենց կարգին կը կրեն «վերատեսչութիւն» անունը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2023, 10:56