Քահանայական կոչումներու թիւը կ՝աճի Ափրիկէի եւ Ասիոյ մէջ մինչ կը նուազի Եւրոպայէն ներս
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 26 ապրիլին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ ներկայացուեցաւ կոչումներու համար միջազգային աղօթքի օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը, որ պիտի նշուի կիրակի 30 ապրիլին։
Պատգամի ներկայացումէն անդին անդրադարձ կատարուեցաւ այն վայրերուն որոնց մէջ կ՝աճին կոչումներուն թիւը։
Կղերի վերատեսչութեան քարտուղար գերապայծառ Անտրէս Կապրիէլ Ֆեռատա Մորէյրա տեղեկացուց, որ Ափրիկէի, Ասիոյ, Պրազիլի կարգ մը մարզերէն ներս, ինչպէս նաեւ կեդրոնական Ամերիկայի մէջ կոչումներու թիւը աճումի մէջ է։ Այս գծով, միեւնոյն վերատեսչութեան ենթաքարտուղար, գերապայծառ Սիմոնէ Ռեննա նշեց, որ Եւրոպայի մէջ կոչումներու թիւը նուազումի մէջ է նկատել տալով, որ կոչումներու թիւը աճում մէջ է բնիկ ժողովուրդներու երկիրներու մէջ, ուր աւետարանումի համար ժամանած էին միսիոնարներ ու այժմ կը քաղուի այդ առաքելութիւններուն պտուղը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ