2018.10.09 Sinodo dei giovani

Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած սիւնհոդոսը. Աւարտեցաւ տարածաշրջանային փուլը։

«Այս տարածաշրջանային փուլը սատարեց ձեռք բերելու աւելի մեծ գիտակցութիւն` Եկեղեցւոյ մէջ միասին քալելու կարեւորութեան վերաբերեալ» կը կարդանք Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի քարտուղարութեան հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ թէ 31 Մարտ 2023էն աւարտած կը համարուի Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած սիւնհոդոսին երկրորդ փուլը` տարածաշրջանային փուլը, որուն ընթացքին եօթը տարածաշրջանային հաւաքներու ընթացքին տեղի ունեցաւ ունկնդրութեան եւ զատորոշումի իսկական ուղեւորութիւն մը, որուն առթիւ երկխօսութիւն հաստատուեցաւ Աստուծոյ Ժողովուրդին հետ, զայն ներգրաւելով «միասին քալելու» ուղեւորութեան մէջ։

Արդարեւ սիւնհոդոսականութեան նուիրուած սիւնհոդոսը, որ Քահանայապետը կամքով կազմուած էր երեք փուլերէ` տեղական եկեղեցիներուն, տարածաշրջանայինն ու տիեզերականը, սկիզբ առած էր 2021 թուականին ու պիտի աւարտի 2024 թուականին որպէս բնաբան ունենալով «Սիւնհոդոսական եկեղեցւոյ մը համար. Հաղորդութիւն, մասնակցութիւն եւ առաքելութիւն»։ Մինչ այս երկրորդ փուլին խորագին էր «լայնացուր քու վրանդ»։

Եօթը տարածաշրջանային Սիւնհոդոսներ

Եօթը տարածաշրջանային սիւնհոդոսները, որոնք տեղի ունեցան Փետրուար ու Մարտ ամիսներու ընթացքին, մասնակցութեամբ համայն Աստուծոյ Ժողովուրդի ներկայացուցիչներուն` Եպիսկոպոսներ, Քահանաներ, նուիրեալ անձինք եւ աշխարհականներ,  քննարկեցին եկեղեցական հարցերը ու նաեւ առաջնահերթութիւնները եւ այս քննարկումներու արդիւնքները անփոփեցին տեղեկագիրներու մէջ, որոնք ուղարկուեցան Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի քարտուղարութեան, որուն հիման վրայ է որ ան պիտի շարադրէ աշխատանքային թղթածրարը, որ հիմքը պիտի ըլլայ յառաջիկայ փուլին` այսինքն տիեզերական փուլին, որուն առաջին հանգրուանը նախատեսուած է այս տարուայ հոկտեմբեր ամսոյն մէջ (4-29 հոկտեմբեր 2023)։

Փոխադարձ ունկնդրութիւն

Երկրորդ փուլին կիզակէտը եղաւ փոխադարձ ունկնդրութիւնը, որ պէտք է ըլլայ եկեղեցական կեանքին գործնական մնայուն տարրը եւ մեթոտը` որ կը խթանէ իսկական ունկնդրութիւնը եւ հասարակական զատորոշումը։

«Այս տարածաշրջանային փուլը սատարեց ձեռք բերելու աւելի մեծ գիտակցութիւն` Եկեղեցւոյ մէջ միասին քալելու կարեւորութեան վերաբերեալ» կը կարդանք Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի քարտուղարութեան հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ, ուր ապա կ՛ընդգծուի թէ ««Խորհրդակցութեան եզրակացութիւնը, չի նշանակեր Աստուծոյ ժողովրդի համար սինոտալ գործընթացի աւարտ, ոչ ալ Ընդհանրական եկեղեցւոյ և տեղական Եկեղեցիներու միջև երկխօսութեան ընդհատում: Այս կը նշանակէ` ի գործ դնել Սինոտալ բարեփոխումները եկեղեցական առօրեայ կեանքին մէջ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/04/2023, 09:53