Սիւնհոդոս. Մայիս ամսուայ վերջաւորութեան պատրաստ պիտի ըլլայ աշխատանքային թղթածրարը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 20 ապրիլին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս, 2021-2024 տարիներուն սիւնհոդոսականութեան մասին եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի գործընթացքի ցամաքամասային փուլի մասին։ Մամլոյ ասուլիսին առանցքը եղաւ «բազմազանութիւնը չխանգարեր միութիւնը» գաղափարը։
Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ելոյթ ունեցան Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարութեան ենթաքարտուղար Քոյր Նաթալի Պէքարը որ ընդհանուր անդրադարձ կատարեց ցամաքամասային փուլերուն վրայ ընդգծելով անոնց առանձնայատկութիւնները։ Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Աւստրալիոյ եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասին նախագահը եւ Փերթքի թեմի արքեպիսկոպոս գերապայծառ Թիմոթի Ժոն Քոսթելլօ որ նշեց թէ «կը փորձարկենք խորունկ միութիւն մը որ ոչ միայն հիմնուած չէ միակերպութեան վրայ, այլ կը հրաւիրէ լքելու միակերպութեան որեւէ հետազօտութիւն»։
Սուրբ Աթոռի հաղորդամիջոցներու վերատեսչութեան քարտուղարը, գերապայծառ Լուչիօ Ատրիան Ռոյցը ապա ներկայացուց Ցանցի մէջ Աստուծոյ ժողովուրդի լսումի արդիւնքները յայտնելով, որ թուային եւ իսկական միսիոնարներն ու աւետարանողները ուզեցին հասնիլ բոլոր այն անձերուն, որոնք չեն մասնակցիր եկեղեցական հաստատութիւններու կեանքին, սակայն կը բնակին համացանցին մէջ եւ կ՝ուզեն հետեւիլ եկեղեցւոյ այդ ուղեւորութեան։
Գերապայծառ Ռոյց նշեց որ թուային միսիոնարները ունին աւելի քան 20 միլիոն հետեւորդներ ու թէ ոչ հաւատացեալները ու եկեղեցիէն հեռու գտնուող անձերը կարողացան գտնել մօտիկութեան եւ երկխօսութեան ճանապարհ որ անոնց առիթ ընծայեց աւելի ազատ կերպով մօտենալու եւ արտայայտուելու։
Ասուլիսին խօսք առաւ նաեւ Քրիստոնեաներու միութեան վերատեսչութեան պատասխանատու, հայր Հյաչինթէ Տէսթիել, որ շեշտը դրաւ սինոդականութեան ուղեւորութեան վրայ՝ որպէս համամիութենական ուղեւորութիւն։ Ան նշեց, որ Համամիութենական ուսումներուն հաստատութիւններու օգնութեամբ կազմակերպուեցան չորս միջազգային դասախօսութիւններ` 2022- 2023 տարիներուն, կեդրոնացած սինոդականութեան հասկացողութեան եւ կիրարկման վրայ չորս քրիստոնեայ աւանդութիւններէն ներս, Օրթոտոքսներուն, Արեւելքի օրթոտոքսներուն, Բողոքականներուն եւ Եկեղեցական նոր իրականութիւններուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ