Գերապայծառ Պեթանքուր. «Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութիւնը «մարդկութեան դպրոց» է: Արցախի մէջ կայ մարդասիրական խնդիր։
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Անցեալ քսան մայիսին Caucasian Journal- (Կովկասեան ամսագիր), թերթը հրապարակեց Վրաստանի եւ Հայաստանի մօտ Պապական Նուիրակ` Գերապայծառ Խօսէ Ավելինօ Պեթանքուրի հետ ունեցած հարցազրոյցը, որուն մէջ Ան երկարօրէն անդրադարձած է իր դիւանագիտական աշխատանքի մասին, Կովկասեան շրջանի մէջ իր յարաբերութիւններու մասին ու Վրաստանի եւ Հայաստանի եկեղեցական ու քաղաքական իշխանութիւններուն հետ Սուրբ Աթոռի եւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կապերու մասին։
Հարաւային Կովկաս - Վատիկան 30 տարուայ դիւանագիտական պատմութիւն
Գերապայծառ Պեթանքուրը նախ նշած է` թէ «Սուրբ Աթոռը եղած է առաջին պետութիւններէն, որ ճանչցած է Հարաւային Կովկասի բոլոր հանրապետութիւններու անկախութիւնը և դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած է անոնց հետ», որոնք արդեն ունին երեսուն տարուայ պատմութիւն։
«Սուրբ Աթոռի դիւանագիտութիւնը «մարդկութեան դպրոց» է» ըսած է ի միջի այլոց Քահանայապետին ներկայացուցիչը դիտել տալով, որ «Սուրբ Աթոռի դիւանագէտները տնտեսական, քաղաքական և աշխարհառազմավարական շահեր չեն հետապնդէր» այլ կը ներկայացնեն «անաչառ շահեր»։
Մարդկային արժանապատուութիւնը Վատիկանի դիւանագիտութեան կեդրոն
«Մեր տեսանկիւնէն՝ մարդու արժանապատուութեան մասին խօսիլը շատ աւելի համապարփակ է, քան իրաւունքներու մասին խօսիլը: Մարդկային արժանապատուութիւնը կը խօսի ի ծնէ իրաւունքի մասին, որ աստուածատուր է, եւ ոչ թէ մարդկանց կողմէն պարգևուած»։
Այս առումով դարերու ընթացքին Կաթողիկէ Եկեղեցին առաջ մղած է իր սոցիալական վարդապետութիւնը.
1) կեանքի իրաւունքը, յարգանքը մարդ արարածի և զայն բնորոշ արժանապատուութեան նկատմամբ.
2) խաղաղութիւն, խաղաղ համակեցութիւն ժողովուրդներու միջև և աջակցութիւն խաղաղարար նախաձեռնութիւններուն.
3) ժողովրդի ընտրած կառավարման համակարգի միջոցաւ սեփական ժողովուրդի քաղաքական ճակատագրի կերտման մասնակցելու իրաւունք.
4) յարգանք աշխարհակարգի նկատմամբ:
«Սուրբ Աթոռը իր միջազգային գործընկերներու հետ մէկտեղ Հայաստանի և Վրաստանի կողքին կ՛աշխատի տարածաշրջանին մէջ բարձրացնել բարոյասիրութեան ձայնը՝ մարդկային արժանապատուութեան նպաստելու գործին մէջ» ըսած է ապա Գերապայծառ Պեթանքուրը լայն անդրադարձ կատարելով նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ գործունէութիւններու մասին, նա մանաւանդ բարեգործական ծիրէն ներս, մատնանշելով Քարիթասի առաքելութեան ու այլ կաթողիկէ հաստատութիւններու բնակչութեան մատուցած ծառայութիւններուն։
Սուրբ Աթոռին դիրքորոշումը Ղարաբաղեան խնդիրի նկատմամբ
Պապական նուիրակը ապա յատուկէն անդրադարձ կատարեց Սուրբ Աթոռին Ղարաբաղեան խնդիրի նկատմամբ դիրքորոշման մասին հաստատելով` որ «Սուրբ Աթոռը մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ հակամարտութիւններուն և մարդասիրական դրութիւններուն»:
Ան ապա նշած է, որ «Ֆրանչիսկոս Պապը համաշխարհային առաջնորդներէն առաջինն է, որ 2020 թուականի յուլիսին՝ նախքան սեպտեմբերին բուն պատերազմի սկիզբը, խօսեցաւ ընթացիկ հակամարտութեան անմիջական սպառնալիքի մասին...: Քահանայապետը Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու և աշխարհի մէջ իրենց դիւանագիտական ցանցի միջոցաւ բողոքի ձայն բարձրացուցին կառավարութիւններուն, ինչպէս նաև Հռոմի մէջ միջազգային հոգևոր առաջնորդների հետ հանդիպումներու ընթացքին: Այդ ժամանակաշրջանին Ֆրանչիսկոս Պապը և Կաթողիկէ Եկեղեցին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութեան կոչի՝ արիւնահեղութիւնէն, զոհերէ և մարդասիրական ճգնաժամէն զերծ մնալու հզօր բարձրաձայնողներ եղան», ըսաւ ի միջի այլոց Պապական Նուիրակը։
Քահանայապետին կոչերը
«44-օրուայ պատերազմի ընթացքին Քահանայապետը հրադադարի և կառուցողական երկխօսութեան կոչ ըրաւ՝ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու համար։ Անիկայ միջազգային հանրութեան յորդոր ուղղեց իր լուման բերելու խաղաղ գործընթացին սատար կանգնելու և աջակցելու համար» շարունակած է Գերապայծառ Պեթանքուրը նշելով նաեւ , որ «Հայաստանը մտահոգուած է սեփական անվտանգութեամբ, ռազմագերիներու ծանր վիճակով և իր հոգևոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեամբ»:
«Ասոնք կարևոր հարցեր են։ Ասիկա մարդկայնութեան հարց է, քանի որ խաղաղութիւն հաստատելը բոլորին օգուտ կբերէ: Ֆրանչիսկոս Պապի և Սուրբ Աթոռի դիրքորոշումը պարզ է. Սուրբ Աթոռը կոչ ըրած է եւ աշխատած է միջազգային գործընկերներու մէկտեղ իրադրութեան և մարդասիրական ծանր վիճակի տևական հանգուցալուծման ուղղութեամբ» ըսած է Վրաստանի ու Հայաստանի հանրապետութիւններուն մօտ Պապական Նուիրակը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ