2021.12.29 Papa Giovanni Paolo I Luciani udienza pellegrini diocesi Belluno, Aula Benedizione abbraccio bambino, Foto Museo Albino Luciani.

«Նախապատրաստել այնպիսի ժամանակաշրջան, ուր ցանկացած պատերազմ արգիլուած է». Յովհաննէս Պօղոս Ա Պապ

Վենետիկի Ca’ Foscari համալսարանի մէջ տեղի ունեցաւ «Յովհաննէս Պօղոս Աի վարդապետութիւնը։ Պատմական եւ աստուածաբանական ուսումնասիրութիւն արխիւային թուղթերու հիման վրայ» հատորի ներկայացումը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Այսօր՝ 23 մայիսի կէրօէն ետք ժամը 3,30ին, Վենետիկի  Ca’ Foscari   համալսարանի մէջ տեղի ունեցաւ «Յովհաննէս Պօղոս Աի վարդապետութիւնը։ Պատմական եւ աստուածաբանական ուսումնասիրութիւն արխիւային թուղթերու հիման վրայ» հատորի ներկայացումը, որուն մասնակցեցաւ եւ ելոյթ ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը։

Ան, նախ իր ուրախութիւնը արտայայտեց Յովհաննէս Պօղոս Ա Հիմնադրամի կողմէ նախաձեռնած այս հետազօտական աշխատանքի առթիւ եւ նշեց, որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կողմէ 17 Փետրուար 2020ին հիմնուած Յովհաննէս Պօղոս Ա Հիմնադրամի նպատակն է` «Ալպինօ Լուչիանիի գրաւոր ժառանգութիւնը՝ բաղկացած 1929էն մինչեւ 27 Սեպտեմբերի 1978ն ինկած ժամանակահատուածի ինքնագիրերէն և վաւերագրական նիւթերէն, պահպանուի և Անոր աստուածաբանական, եկեղեցական, մշակութային և հոգևոր ժառանգութեան արժէքը լիովին ընկալուի և ուսումնասիրուի»։

Կարդինալ Փարոլինը յիշեց նաեւ, որ Վատիկանի Հիմնադրամը՝ համագործակցութեամբ Գրիգորեան քահանայապետական համալսարանի աստուածաբանութեան բաժնի, 2022ի 13 Մայիսին ​​կազմակերպած է հետազօտական առաջին գիտաժողովը՝ նպատակ ունենալով ուսումնասիրել և խորացնել Յովհաննէս Պօղոս Աի վարդապետութեան հիմնական ուղղութիւնները՝ որ նոյն Ինք արտայայտած է Քահանայապետ ընտրուելէն յաջորդ օրը` 27 Օգոստոս 1978ին՝ «Urbi et orbi» պատգամնի մէջ վեց «մենք կ’ուզենք»ներու միջոցաւ, որ յետագային դարձուց իր Քահանայապետութեան ծրագիրը։

Վատիկանի բարձրագոյն պաշտօնեան մէջբերեց Ֆրանչիսկոս Պապի՝ Յովհաննէս Պօղոս Աի Քահանայապետութեան մասին խօսքերը, թէ «ճիշտ քրիստոնեայ ժողովրդի հաւատքի շնորհիւ, Ան կարողացաւ մարգարէական հայեացք նետել աշխարհի վէրքերուն ու չարիքներուն վրայ՝ ցոյց տալով, թէ խաղաղութիւնը որքան հոգեհարազատ է Եկեղեցւոյ»։

Ասկէ մեկնելով Կարդինալ Փարոլինը անդրադարձաւ Յովհաննէս Պօղոս Աի խաղաղութեան որոնումներուն եւ յիշեցուց տարբեր առիթներով յանուն Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան Անոր բազմաթիւ կոչերը՝ շեշտելով, որ «Իր քահանայապետութեան երեսունչորս օրերու ընթացքին խաղաղութեանն աջակցելու Ալպինօ Լուչիանիի գործունէութիւնը առարկայական դարձաւ երկու իրավիճակներու ատեն.

Առաջինը՝ 20 սեպտեմբերին Արժանթինի և Չիլիի Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի եպիսկոպոսներուն ուղղուած նամակին մէջ՝ երկու երկիրներու միջև սահմանային վէճի հետ կապուած։ Զինուած բախումէն հնարաւոր եղաւ խուսափիլ Սուրբ Աթոռի միջնորդութեան շնորհիւ։

Երկրորդ, աջակցած է Սեպտեմբեր 5էն 17ը Միացեալ Նահանգներու, Եգիպտոսի և Իսրայէլի միջև խաղաղ բանակցութիւններուն՝ Քեմփ Տեյվիտի մէջ։

Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը խօսքը աւարտեց Յովհաննէս Պօղոս Աի խօսքերով. «Պետութիւններու միջեւ շահերու բախումներ միշտ ալ տեղ կը գտնեն, բայց պատերազմները երբեք չեն կրնար զանոնք լուծել: Պէտք է ազատուիլ պատերազմի՝ որպէս տարաձայնութիւնները լուծելու միջոցի մասին հին պատկերացումներէն. պէտք է պատմութիւնը շրջադարձային դարձնել և նախապատրաստել այնպիսի ժամանակաշրջան, ուր ցանկացած պատերազմ արգիլուած ըլլայ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2023, 16:30