Վատիկանի մատենադարանին մէջ բացումը կը կատարուի Եփրայերէն ձեռագիրներու դասընթացքի ծրագիրին
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 19 յուլիսին, Վատիկանի Առաքելական մատենադարանէն ներս սկիզբ կ՝առնէ Եփրայերէնի ձեռագիրներուն մասին յատուկ դասընթացքի ծրագիրը, համագործակցութեամբ Լատին Ամերիկիոյ Ռաբունական դպրեվանքի։ Մէկ շաբաթ տեւողութեամբ խտացեալ դասընթացքին, ֆիզիկապէս եւ կամ համացանցի միջոցաւ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աշխարհի տարբեր համալսարաններու եւ կրօններու աշակերտներ։ Դասընթացքի դասատուները աշխարհահռչակ եւ մասնագէտ ուսուցիչներ են, որոնց շարքին ի մէջ այլոց, Ատոլֆօ Ռոյթման ռաբունապետը։
Եփրայերէնի ձեռագիրներուն մասին յատուկ դասընթացքի ծրագիրի բացումի իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Վատիկանէն եւ կրօնական իշխանութիւններ, որոնց շարքին Մատենադարանի պատասխանատու, գերապայծառ Վինչենցօ Զանի, Վատիկանի առաքելական մատենադարանի վերատեսուչ Հայր Մաուրօ Մանթովանի, Լատին Ամերիկիոյ Ռաբունական դպրեվանքի տեսուչ, Ռաբունապետ Արիէլ Սթոֆէնմաչեր, ինչպէս նաեւ Արժանթինի եւ Իսրայէլի պետութիւններու իշխանութիւններ։
Յայտնենք, թէ դեկտեմբեր ամիս 2022ին, Ռաբունական դպրեվանքի պատասխանատուները այցելելով Վատիկանի մատենադարանը ու առաջին անգամուան համար ուսումնասիրելով Եփրայերէն ձեռագիրները, առաջարկեցին Վատիկանի Մատենադարին պատասխանատուներուն կազմակերպել դասընթացք մը Եփրայերէն ձեռագիրերու մասին, ներգրաւելով համայն աշխարհէն մասնագէտներ եւ աշակերտները։ Առ այդ մատենադարանի կարգ մը պատասխանատուներ ու Լատին Ամերիկիոյ Ռաբունական դպրեվանքի մասնագէտները գրեթէ վեց ամիս շարունակ աշխատեցան իրականացնելու եւ զարգացնելու համար այդ ծրագիրը։
Վատիկանի մատենադարանի տեղեկութիւններուն համաձայն, մատենադարանի մէջ պահուած են հարիւրաւոր եփրայերէն ձեռագիրներ, որոնք հարուստ վկայութիւն են Հրէա ժողովուրդին կրօնական, մշակութային ժառանգութեան մասին։
Ձեռագիրներու հաւաքածոն կը ներառէ Թորայի մատեաններ, Աստուածաշնչական գիրքեր, ռաբունական գրականութեան, հրէա իմաստասիրութեան, ծիսական գիրքեր, ինչպէս նաեւ բանաստեղծութիւններ եւ գիտութեան վերաբերող գիրքեր։ Հիմնականի մէջ ձեռագիրները թուագրուած են ԺԲ եւ ԺԵ դարերով, նուազագոյնը Թ եւ ԺԱ դարերով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ