Փարոլին. Սուրբ Աթոռ Վիեթնամ համաձայնագիրը լոկ նպատակակէտ մը չէ այլ նոր սկիզբ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ուրբաթ 28 Յուլիսին Վատիկանի Լրատուամիջոցներու հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը մեկնաբանելով Վիեթնամ Սուրբ Աթոռ համաձայնագիրի ստորագրութիւնը, հաստատեց` թէ համաձայնագիրը լոկ նպատակակէտ մը չէ այլ նոր սկիզբ ապա նշեց թէ ապագան մեզ կը կոչէ շարունակելու միասին քալել նոյն ճանապարհով փոխադարձ յարգանքի եւ փոխադարձ վստահութեան նշանաբանին տակ։
Վսեմաշուք Կարդինալը ապա խօսեցաւ այս համաձայնութեան հասնելու համար կտրուած երկար ճանապարհին` 1989էն ասդին երբ Կարդինալ Ռոժէ Էթչէկարէյը որ այդ ժամանակ նախագահն էր Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն Քահանայպետական Խորհուրդին ճամբորդութիւն մը կատարեց Վիեթնամ, որուն միջոցաւ բացուեցաւ երկխօսութեան արահետներ։
1996 ին սկիզբ առին բանակցութիւնները եւ 2009ին ստեղծուեցաւ Վիեթնամ - Սուրբ Աթոռ Աշխատանքային խումբ մը, որ դուռը բացաւ նշանակելու առանց հաստատ բնակութեամբ Քահանայապետական ներկայացուցիչ մը` յանձինս Գերապայծառ Լէոփոլտօ Ճիրելլիի։
Կարդինալ Փարոլինը ընդգծեց ապա Քահանայապետական Ներկայացուցիչին դերը, որ «կոչուած է նպաստելու Սուրբ Աթոռի և տեղական Եկեղեցւոյ միջեւ հաղորդութեանը և աջակցելու այս վերջինիս իր բոլոր բաղադրիչներով՝ մասնակցելով անոր տօնակատարութիւններուն և նախաձեռնութիւններուն», Ան ապա «պարտականութիւնն ունի ամրապնդելու Սուրբ Աթոռի և Վիեթնամի կառավարութեան միջև բարեկամական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ անձնական հանդիպումներ ունենալու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ, միշտ յարգելով երկրին օրէնքները»։
«Քահանայապետական Ներկայացուցիչը, այնպէս ինչպէս հաստատուած է համաձայնագիրին մէջ կամուրջ մըն է զարգացնելու համար Վիեթնամի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ յարաբերութիւնները» ըսաւ ի միջի այլոց Կարդինալ Փարոլինը, որ ապա խօսելով այս յարաբերութիւններու ապագայի մասին հաստատեց` որ «ապագան մեզ կը կոչէ շարունակելու միասին քալել նոյն ճանապարհով, առանց շտապելու կամ որևէ այլ նպատակակէտի հասնելու յաւակնութեամբ, այլ տրամադրութեամբն անոր` որ կը ցանկանայ համեմատել նշումները հասնելու համար լաւագոյնին։
«Համաձայնագիրը նպատակակէտ մը չի ներկայացնէր այլ նոր սկիզբ մը փոխադարձ յարգանքի եւ փոխադարձ վստահութեան նշանաբանին տակ» ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ