Կարդինալ Փարոլին ժամանեց Անկոլա, առաջին Անկոլացի Պապական նուիրակին համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, ժամանեց Անկոլայի Լուանտա մայրաքաղաք գլխաւորելու համար Անկոլայի մէջ առաջին Պապական նուիրակ Գերապայծառ Ճերմանօ Փենեմոթէ եպիսկոպոսկան օծման արարողութիւնը, զոր տեղի կ՝ունենայ շաբաթ 11 օգոստոսին։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Գերապայծառ Փենեմոթէ եպիսկոպոս անուանեց անցեալ 16 յունիսին, Փաքիստանի մէջ որպէս քահանայապետին ներկայացուցիչ։
Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին տարբեր առիթներով Ափրիկէն այցելած ըլլալով առաջին անցամն է, որ կ՝այցելէ Անկոլան։ «Ես շատ ուրախ եմ հոս գտնուելուս համար, որ առաջին անգամն է, որ կու գամ», ըսաւ Վատիկանի Պետական քարտուղարը, Լուանտայի մէջ Պապական նուիրակի պալատին առջեւ հաւատացեալներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին, որոնց փոխանցեց նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին հայրական օրհնութիւնները։
Կարդինալ Փարոլինը Անկոլայի միջազգային օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Անկոլայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի կարգ մը եպիսկոպոսներու, հաւատացեալներու եւ պետական կազմակերպութիւններուն ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Ան Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտնեց թէ Անկոլա կը գտնուի եպիսկոպոսական օծումին համար, որ Տիեզերական եկեղեցւոյ համար կարեւոր ձեռնարկն մըն այս երկրին համար։ « Շատ փափաքեցայ ներկայ գտնուիլ այս թանկարժէք առիթին», ըսաւ Կարդինաթ Փարոլին աւելցնելով, որ Գերապայծառ Փենեմոթէի եպիկոսպոսական օծումը, «Հռոմի համար ունի յատուկ յարաբերութիւն, որովհետեւ օծուելիք եպիսկոպոսը Պապին առաջին ներկայացուցիչը պիտի դառնայ որ ծագումով Անկոլացի է։
Պատասխանելով այն հարցումին եթէ Ֆրանչիսկոս Պապ Անկոլա պիտի այցելէ, Վատիկանի Պետական քարտուղարը ըսաւ, որ ինք տեղեակ չէ սակայն Ֆրանչիսկոս Պապ շատ հետաքրքրուած է դէպի Անկոլա ճամբորդութեամբ ու յառաջիկայ Ափրիկէ կատարելիք ճամբորդութեան ընթացքին կը փափաքի այցելել Անկոլան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ